ՁԵՐ ուսումը քանի մը հանգրուաններէ անցեր է եւ ուղի փոխեր, ճի՞շդ է: Կրնա՞ք պատմել:
ՈՒՍՈՒՄՍ հետեւեալ քարտէսը կը պարզէ՝ նախակրթարան՝ Հալէպի «Հայկազեան» վարժարան, միջնակարգի ա. դասարան՝ Գահիրէի «Գալուստեան» վարժարան, որմէ ետք հայկական Կարդալ աւելին
ՀԱՅ ընթերցողը կամ անծանօթ է ֆէմինիսթ մտածումին, կամ վերապահութեամբ կը մօտենայ անոր, կամ ալ՝ քմծիծաղով: Հայուն համար, եւ արդար ըլլալու համար՝ աւելցնենք, ոչ միա՛յն հայուն համար, եթէ ֆէմինիզմը քիչ թէ շատ ընդունելի երեսակ մը ունի, այդ անոր պայքարն է ի խնդիր կիներու եւ այրերու հաւասարութեան, օրէնքի ատեաններուն առջեւ եւ տնտեսական Կարդալ աւելին
ԳՈՅՆԵՐՈՒ յորձանուտ մըն է, որ կը գրաւէ դիտողին տեսադաշտը երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, եւ առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ ինչպէ՞ս դիրքորոշուիլ երանգներու լայնածաւալ այս հոսքին դիմաց։ Պաստառները բոցավառ հրդեհներ ըլլան կարծես, որոնցմէ արձակուած գունային բռնկումներ կը լեցնեն պատկերասրահի Կարդալ աւելին
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ Լեւոն Էսաճանեան (1885-1935) 1900ական թուականներուն հրապարակ իջած եւ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ չգտած անուններու փաղանգին մաս կը կազմէ։ Անոր մահուան առիթով, գրադատ Մկրտիչ Պարսամեան կը գրէր.
Էսաճանեան մէկն էր անոնցմէ, որոնք ընդունակ էին արուեստի խենթութեան համար զոհելու ամէն բան, բացի իրենց անհատականութենէն, բարձրէն Կարդալ աւելին
Սեւան Տէյիրմենճեան (Լուսանկար՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի)
Ստանպուլահայ արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի (1921-1984) հետեւեալ նամակները առիթ են տարբեր դիտանկիւնէ մը նայելու գրական կապերու, գրողներու յարաբերութիւններու բնոյթին։        Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ, Պոլիս այցելութեան շրջանին, յայտնի է որ կարճ տեսակցութիւն մը ունեցած է Պիպեռեանի հետ, որու ուղղեալ նամակին մէջ վերջինիս պատասխանէն կը տեղեկանանք, որ ան «գեղեցիկ տողեր» ալ գրած է Լկրտածըի մասին։ Կարդալ աւելին
Զրոյցը Մոնթրէալի L'AMÈRE À BOIRE PUBում։ Դաւիթ Մանդէլի Պետրոգրադի աշխատաւորները 1917 թուի յեղափոխութիւններում գրքի շնորհանդէսի ժամանակ է։
ԱՅՈ, սոցիալիզմի ժամանակ մարդիկ հարստութեան յետեւից չէին վազում, նրանց այլ բաներ էին հետաքրքրում ասում է Լիւդմիլան։
    – Բայց Սովետը սոցիալիստական չէր,- առաջին անգամ միջամտեց Եւան։
Կարդալ աւելին
ԱՐՁԱԿ եւ բանաստեղծութիւն, գիտենք, բարդ են, բազմադիմի՝ իբրեւ յղացքներ: Բարդ՝ նաեւ իրենց առնչութիւնները, յատկապէս երբ կը ներկայանան կիրարկուած՝ գրագէտի մը կողմէ երկակի վաստակի մէջ, արձակ եւ բանաստեղծական գործերով:
Երկու սեռի այս գործերը, ուրեմն նոյն վաստակին մէջ, աւելի կամ նուազ սերտօրէն կ՚առնչուին...
Կարդալ աւելին
ՍԻՐԵԼԻ Մարուշ, արուեստի հիմնական պատրաստութիւնդ երաժշտութիւնը եղած է, եւ բնականաբար երբեմն երաժշտական եզրեր կը գտնենք բանաստեղծութիւններուդ մէջ, ինչպէ՞ս կատարուեցաւ անցումդ բանաստեղծութեան:
ԽՈՐՔԻՆ մէջ բնաւ անցում եղած չէ. երկուքը
Կարդալ աւելին
Տխրութիւնը փճացաւ ինչպէս տան կարասիները
Յիշատակները
Եւ մնացեալ ամէն հաւատալիքները
Հրդեհուած տուներուն հետ

Արցունքները չորցան
Եւ մահը որ օրհնութիւն էր այն երանելի օրերուն
Բացաւ իր իսկական դէմքը
Սեւ կնգուղին տակ
Կարդալ աւելին
ԳԱԳԻԿ Յարութիւնեանը ճշմարտացիօրէն բնութագրւում է որպէս 1970-1990ականների հայ լուսանկարչութեան ամենաերեւելի ներկայացուցիչներից մէկը: Սակայն «հայ լուսանկարչութիւն» բնորոշումն ակամայից դրդում է մտածելու երկու հարցի շուրջ՝ ա․ ի՞նչ է իրենից ներկայացնում հայ լուսանկարչութիւնը, բ. ո՞րն է Կարդալ աւելին
ԵԹԷ ստեղծագործութեան ժանրը այն է, ինչ հեղինակը կամ հրատարակիչն է որոշում, ուրեմն Արամ Պաչեանի PFը վէպ է, քանի որ գրքի վրայ հեղինակը գրել է վէպ։ Եթէ գրքի վրայ գրած լինէր պոէմ, կամ ասք ուրեմն, այդ սկզբունքով, այն կը լինէր կամ պոէմ կամ ասք։ Եթէ Ուիթմէնը իր Խոտի ծաղիկների վրայ գրէր վէպ, ապա այն աւելի համոզիչ վէպ կը լինէր... Կարդալ աւելին
լեռ կամսար
Ամիսներ առաջ, Բագին արձագանգեց «Արաս»ի մէկ նոր հրատարակութեան՝ Լեռ Կամսար - Մարդը գործին մէջէն հատընտիր հատորին: Տպաւորիչ իր ծաւալով (մօտ 500 էջ), արտաքին ներկայացումով եւ Աքսորականի գաղտնի օրագիր ենթատիտղոսով, հատորը ճոխացուած է նաեւ «Յաւելուած»ով մը, ուր տեղ կը գրաւեն ուսումնասիրա-կան ծաւալուն ակնարկ մը եւ յարակից այլ նիւթեր: Հատորի ներածական էջը, խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեանի Կարդալ աւելին
Բերիաշէն
ԿԻՐԱԿԻ ամրան գիշեր մը ութսուն հինգ տարի առաջ, 9 օգոստոս 1936ին, Գուրգէն Մահարի կը պատմէ, որ սեղանակիցներ Վահրամ Փափազեանի եւ Հրաչեայ Ներսիսեանի հետ Երեւանի «Ինտուրիստ» ճաշարանին մէջ «կոնեակ էինք խմում եւ ձմերուկով թարմացնում կոկորդներս» երբ Կարդալ աւելին
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, Պարոյր Սեւակի ու Գուրգէն Մահարիի յարաբերութեան հիմնական դրուագները ծանօթ են։ Սկսած է 1947-1948ին, Մահարիի գուրգուրալից վերաբերմունքով Երեւան անցուցած 444 օրերուն՝ սիպիրեան երկու աքսորներուն միջեւ, եւ շարունակուած՝ մինչեւ կապերու խզումն (1964) (1964) ու Այրուող այգեստաններ վէպին դէմ արշաւը 1966-1967ին։ Սակայն, 1964-1967ի  իրադարձութիւններուն մասին... Կարդալ աւելին
(Ան)Մահազդ
16 յուլիս 2017ին, 77 տարեկան հասակին մահացաւ George Romero, The Night of the Walking Death սարսափի դասական ժապաւէնին բեմադրիչը, եւ զոմպիի չվերածուեցաւ:
Գրաքննադատի գաղտնիքը
Տարիներով փորձեց գրել: Բայց գրածը այնքան վատ դուրս կու գար որ ինք իսկ կարդալ չէր կրնար: Հիասթափութիւնը... Կարդալ աւելին
ԸՍԷ ինծի` մեղքս ո՞ւր է,
     որ կառափնատան առջեւ մոռցայ եւ ինչպէս յիշատակեցի վսեմ անունդ։
     Ըսէ ինծի արեւմաղին, երբ կտոր-կտոր հայրենիք կ՚երազէի, ինչ  հայեացքով Մուսա Սատըր մը դրիր աչքերուս մէջ ու յետոյ քալեցիր, 
     Ըսէ ինծի՝ ինչպէս քլաշինի կոթին վրայ զմռսեցիր գաղափարիդ անունը եւ կապար առ կապար բացիր անմահութեան ճանապարհին... Կարդալ աւելին
ՇՈՒՐՋ կէսդարեայ բանաստեղծական ճանապարհի մասին պիտի դատողութիւններ անել, եթէ անդրադառնալու լինենք Յարութիւն Պէրպէրեանի գրականութեանը. չորս՝ Կորիզ (Պէյրութ, 1979), Ոսպնեակ (Պէյրութ, 1984), Անցման եղանակ (Մոնթրէալ, 1993) եւ Սահմաններ (Երեւան, 2007) քերթողագրքերն ամփոփելու եւ միաժամանակ նոր ու թարմ... Կարդալ աւելին
 Առաջին հատորով մը, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ... Կարդալ աւելին
   Ամենէն վտանգաւոր եւ միաժամանակ ամենէն փորձիչ ու շահեկան աշխատանքներէն մէկը հետախուզումն է բանաստեղծի մը քերթողական յղացքի հոլովոյթին, անոր այլազան հետաքրքրութիւներու զարգացումին եւ տարբեր հարցերու ընկալման, որովհետեւ այսպիսի գործողութիւն մը կը նշանակէ բանալ բանաստեղծին կազմաւորման տարբեր շերտերը... Կարդալ աւելին