Գործող անձինք
ՅՈՎՆԱՆ – մեծահարուստ հայ
ՆԱԶԷ – Յովնանի կինը
ՄԱՐԷ – Յովնանի մայրը
ԽՈՐԷՆ – Յովնանի որդին
Ծնած է 1877ին՝ Ախալքալաք, Ջաւախք գաւառ, ուր ստացած է նախակրթութիւնը, ծխական դպրոցի մէջ: Միջնակարգ ուսումը՝ Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան, ուր աշակերտած է բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի: Անկէ փոխադրուած է Թիֆլիս՝ Ներսիսեան վարժարան, որ աւարտած է 1898ին:
Աշխատակցած է կովկասահայ գրական մամուլին: Արտահանի մէջ կարճ շրջանով ուսուցիչ ըլլալէ ետք, 1900ին հաստատուած է Թիֆլիս, ուր մասնակցած է Թումանեանի «Վերնատուն» խումբի հաւաքներուն իբր կրտսեր անդամ եւ հրատարակած է բանաստեղծութիւններու իր առաջին ժողովածուն:
1903ին Մոսկուա է, ուր կը հետեւի դասընթացքներու երաժշտագիտութեան եւ կատարողական արուեստի (ջութակ): 1905էն 1910, Զուիցերիա, կը շարունակէ ուսումը նոյն ճիւղերու, ինչպէս եւ հոգեբանութեան ու մանկավարժութեան մէջ: 1910ին Թիֆլիս դարձած՝ կը նուիրուի ուսուցչութեան եւ գրականութեան:
Այս շրջանին, արձակ էջերու կողքին, հրատարակած է նաեւ երկրորդ չափածոյ երկ մը («Կեանքի տեսիլ», 1913). նաեւ՝ արձակ գործեր եւ թատերգութիւններ, պատմական կամ նոր ժամանակներէ նիւթերով, ինչպէս «Վասակ» (1912), «Լենկթիմուր» (1913). «Յովնան Մեծատուն» (1919), եւ «Գարուն» հատորը (1920), որ կը խմբէ երկու տասնամեակներու ընթացքին իր գրած քառեակները:
Խորհրդայնացումէն ետք, Դեմիրճեան կը մնայ Թիֆլիս. կը գրէ «Քաջ Նազար» կատակերգութիւնը։ 1925ին կը տեղափոխուի Երևան: Կը դառնայ գիտութեան և արուեստի հիմնարկի արուեստի բաժինի քարտուղարը։
Այս շրջանին, Դեմիրճեան արտադրած է արձակ գործեր՝ պատմուածքներ ու վիպակներ, ինչպէս եւ թատերախաղեր՝ «Ֆոսֆորային շող» (1932), «Նապոլէոն Կորկոտեան» (1934), եւ «Երկիր հայրենի» (1939), առաւել՝ «Կապուտան» պոէմներու շարքը (1938)
Օգտուելով բ. Աշխարհամարտի պահու ազգային թեմաներու հանդէպ վարչակարգի ցուցաբերած (առժամաբար) հանդուրժող վերաբերումէն, Դեմիրճեան ստեղծած է «Վարդանանք» ծաւալուն պատմավէպը, որ պիտի գտնէր մեծ յաջողութիւն, թարգմանուելով մեծ տարածքի մէկէ աւելի լեզուներու:
Կեանքի վերջին տասնամեակի արտադրութիւններէն են՝ «Յանուն կեանքի», «Յուշ–աղբյուր» եւ «Տուն» պատմուածքներ. նաեւ անաւարտ «Մեսրոպ Մաշտոց» վէպը։
Մահացած է Երեւան, 1956ի դեկտեմբերին:
Լուսանկարի աղբիւր՝ Դերենիկ Դեմիրճեանի տուն-թանգարան
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Գործող անձինք
ՅՈՎՆԱՆ – մեծահարուստ հայ
ՆԱԶԷ – Յովնանի կինը
ՄԱՐԷ – Յովնանի մայրը
ԽՈՐԷՆ – Յովնանի որդին
Գ. արար
Յովնանի սենեակը: Պատերի տակ անկարգ թափուած են պոխչաներ եւ այլ ճամբու իրեր:
ԽՈՐԷՆ (Մտնում է աջ կողմից` ձեռին մի կարճ դաշոյն, որ տնտղում է եւ ապա թաքցնում գօտկատեղում)։
— Ա՜խ:
ՆՈՒՆՈՒՖԱՐ (Մտնում է նրա յետեւից):
Գրութիւններու արխիւ