ՏԷՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱՆԱՀԻՏ

Պատմագէտ, բեղուն հեղինակ եւ բարձրագոյն հիմնարկներու դասախօս, Անահիտ ՏէրՄինասեան ծնած է 1929ին՝ Փարիզ,Պելվիլ ժողովրդական թաղամասը:

Ամուսնացած՝ Լեւոն ՏէրՄինասեանի հետ, որդին ազգայինյեղափոխական գործիչ եւ հեղինակպատմիչ Ռուբէն ՏէրՄինասեանի, ունեցած է չորս զաւակներ (Թալին ՏէրՄինասեան պատմագէտդասախօս է նոյնպէս, իսկ Վահէ ՏէրՄինասեան՝ լրագրող):

Տիրացած պատմութեան դասաւանդման բարձրագոյն աստիճանին (agrégation d’histoire), Անահիտ ՏէրՄինասեան դասախօսած է նախ՝ լիկէոնի մէջ, ապա Ընկերային բարձրագոյն գիտութիւններու Հիմնարկին, ինչպէս եւ՝ իբր մագիստրոսդասախօս՝ ՓարիզՍորպոն համալսարանի ամպիոններէն: Իր հետաքրքրութիւններուն ծիրը ընդգրկած է առաւելաբար հայոց պատմութիւնը եւ աւելի յատկապէս՝ նորն ու նորագոյնը:

Կազմակերպած եւ վարած է բազմաթիւ սեմինարներ նշեալ հիմնարկի ծիրին մէջ, ընդգրկելով վերջին հարիւրամեակի հայոց պատմութիւնը: Մասնակցած է բազմաթիւ գիտաժողովներու՝ զեկուցումներով եւ դասախօսութիւններով: Հրատարակած է բազմատասնեակ յօդուածներ եւ մենագրութիւններ ֆրանսական թէ այլ լեզուներու գիտական մամուլին մէջ: Այս բոլորը՝ արեւմտեան աշխարհի զանազան գիտամշակութային գօտիներու մէջ, ինչպէս եւ հայկական նախաձեռնութիւններու, յատկապէս՝ Սփիւռքի տարածքին:

Իր կեանքի վերջին տասնամեակին, եւ հակառակ առողջական լուրջ մարտահրաւէրներու, այցելած է Պոլիս եւ Արեմտեան Հայաստան, ի խնդիր «ծածուկ հայ» արենակիցազգականներու, ինչպէս եւ հայրենի Տարօն՝ Մուշ եւ Սասուն:

Հրատարակած է տասնեակ հատորներ՝ նուիրուած Հայաստանի, հայոց պատմութեան եւ հայոց ցեղասպանութեան, ինչպէս`
– «Հայկական հարցը» (La question Arménienne, Ed. Parenthèses).
– «1918-1920. Հայաստանի հանրապետութիւն» (1918-1920. La République d’Arménie, Ed. Complexe).
– «Խաչաձեւեալ պատմութիւններՍփիւռք, Հայաստան, Անդրկովկաս» (Histoires croisées – Diaspora, Arménie, Transcaucasie – Ed. Parenthèses),
– «Հայաստանը՝ մարտադաշտ պատերազմներու եւ յեղափոխութիւններու միջեւ» (L’échiquier arménien entre guerres et révolutions, Ed. Karthala):

Ունի նաեւ թարգմանութիւններ՝ հայերէնէ ֆրանսերէն, ինչպէս`
Վահէ Օշականի «Օծում»ը (“Onction”)
– «Մեր մանկութեան հողերը» ժողովածուն (“Nos Terres d’Enfance”, Հուրի Վարժապետեանի հետ):
Երկուքն ալ՝ Parenthèses Հրատարակչութիւն:

Անահիտ ՏԷր Մինասեան մահացած է 2019ին՝ Ֆրէն, Փարիզի մօտ:

Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները

ՎԵՐԱՀԱՍ  ԱՂԷՏԻ ՄԸ ԱՐԹՈՒՆ ԴԻՏՈՐԴԸ. ԳՐԵԼ՝  ՅԻՇԱՏԱԿԱԳՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
     Իբրեւ Տարօնի գրագէտը, Գեղամ այդ հողին կապուած է կենդանի, մարմնեղէն կապով մը: Մանկութենէն ի վեր շրջած է ամէն կողմ. ունի անոր ամբողջական ճանաչումը: Տարօնը կը կազմէ բնական շրջանակը իր պատմուածքներուն, որոնց մէջ կ’ոգեկոչէ անոր հրաշալի բնանկարները, անոր լեռներուն՝ Սիփանի, Նեմրութի եւ Պինկէօլի անտառներն…

Կարդալ աւելին

«Կենսագրական պատրանք» կոչուած երեւոյթին գիտակից ըլլալով հանդերձ, պիտի փորձեմ այս հակիրճ աշխատութեան մէջ ի մի բերել որոշ դրուագներ դէմքի մը՝ Գեղամ Տէր Կարապետեանի կեանքէն եւ գործունէութենէն: Դէմք մը, որուն գրական եւ քաղաքական յանձնառութիւնները ծանօթ են XIX-րդ դարէն XX-րդի դարձակէտի՝ Օսմանեան Կայսրութեան հայ գրականութեան եւ պատմութեան քանի մը հազուագիւտ…

Կարդալ աւելին

Գրութիւններու արխիւ

նախորդ
Յակոբներ*