1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած
Կարդալ աւելին
ԳԱՍԱՊԵԱՆ ԱՆԱՀԻՏ
Անահիտ Գասապեան Լիվըրփուլի համալսարանէն ներս Ճէյմս եւ Գոնսթանս ամպիոնի պատուակալ դասախօս է։ Հանգստեան կոչուելէ ի վեր կ՚աշխատի Լիվըրփուլի Արաբական մշակոյթի փառատօնի ծրագիրներուն վրայ, որ իր 30,000է աւելի հանդիսատեսներով արաբական մշակոյթի մեծագոյն փառատօնը կը նկատուի Անգլիոյ մէջ։ Գիտական, ներառեալ՝ հայկական ֆիլմերու նուիրուած բազմաթիւ յօդուածներու կողքին, ան հեղինակն է երկու մենագրութիւններու՝ Hearing Films (Routledge, 2001) եւ Ubiquitous Listening (Univ. of California Press, 2013), խմբագրած է երկու հատոր՝ Keeping Score (1997) եւ Ubiquitous Musics (2013), ինչպէս նաեւ հիմնադիր խմբագիր եղած է երեք պարբերականներու՝ Stanford Humanities Review (այժմ դադրած), Journal of Popular Music Studies, ինչպէս նաեւ Music, Sound and the Moving Image։ Դասաւանդած է զանազան համալսարաններէ ներս Գալիֆորնիա, Նիւ Եորք, Լիվըրփուլ եւ Լոնտոն, ինչպէս նաեւ տարբեր բաժանմունքներէ ներս, ինչպէս՝ Ֆիլմի, գրականութեան, հաղորդամիջոցներու, Միջին արեւելեան ու կնոջական ուսմունքներու։ Հիմնադիր ծրագրողներէն եղած է նաեւ 2000ական թուականներու երկայնքին Նիւ Եորքի ու Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հայկական ժամանակակից ֆիլմերու նուիրուած փառատօներու, ուր շեշտը կը դրուէր արուեստի ու ֆիլմի ընձեռած քննադատական մօտեցումներու վրայ։
Գրութիւններու արխիւ