ՄԱՐԿ Նշանեանի համար հիմնական եզր է Աղէտը։ Անիկա օտարութեան փորձընկալումի իր տեսութեան մեկնակէտն է, այսինքն տեսութեան՝ որ հայ ինքնութեան, մանաւանդ սփիւռքեան հայ ինքնութեան խնդիրին կը վերաբերի։ Այս հեռապատկերով է, որ սկսայ սոյն ուսումնասիրութիւնը, սակայն ընդարձակութիւնը տարածքին, եւ մանաւանդ ժամանակը՝ ստիպեցին ընտրութիւն մը կատարել եւ մօտենալ միայն մէկ նիւթի։ Եւ ուրեմն, օտարութեան փորձընկալումի…
Կարդալ աւելինԳՈՅՈՒՆԵԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԳԱՌՆԻԿ
Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, աւազանի անունով՝ Գէորգ, ծնած է Պուրճ Համմուտ, Լիբանան, 1967-ին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած՝ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Վարժարանին մէջ: Ապա՝ Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք մտած: Սարկաւագութեան աշակերտած է Գարեգին Կթղ. Սարգիսեանի, Արտաւազդ Արք. Թռթռեանի, Արամ Կթղ. Քէշիշեանի, Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի, եւ պատմագէտ ու բանասէր Վազգէն Ղուկասեանի: Պէյրութի հայ վարժարաններու մէջ հայագիտական նիւթեր դասաւանդած է: 1995-ին, Քահանայական Օծում ստացած՝ Փարիզի Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: 2000-ին՝ փոխադրուած Մոնթրէալ եւ ստանձնած Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ հովուական ծառայութիւնը, որուն քովն ի վեր՝ նաեւ հայ մշակոյթին եւ հայ գիրին սպասաւոր մըն է:
Մշակութային ծիրին մէջ՝
Ա) Կրօնագիտական, բարոյագիտական եւ գրական դասախօսութիւններ, լսարաններ:
Բ)«Նոր Ծաղիկ» մանկապատանեկան երգչախումբի ստեղծում եւ կազմակերպում համերգներուն _ երգչախումբին համերգներէն յատկապէս յիշատակելի են՝ 1) Բ. Կանաչեանի «Նանօր»ին վերախմբագրեալ քերթուածերգին (վերախմբագրումը կատարուած խմբավարին՝ Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեանի եւ իր կողմէ, իսկ երաժշտութիւնը՝ պատշաճեցուած եւ մշակուած Պետրոս Շուժունեանէ) մատուցումը. եւ 2) Մանկապատանեկան Պատարագի (խօսքերը իրն են, երաժշտութիւնը՝ Արեգ Լուսինեանի) մատուցումը:
Գ) Համագործակցութեամբ երաժիշտ Շուժունեանի՝ կազմակերպում համերգներու եւ նուագոյթներու, ինչպէս՝ 1) Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 140-ամեակին նուիրուած համերգ մը, երգեցողութեամբ Viva Voce երգչախումբին. 2) համերգ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Վերյառնումի Պատարագ»ին (առաջարկը եւ բովանդակութեան կարգաւորութիւնը՝ իրն են, երաժշտութիւնը՝ Շուժունեանի), երգեցողութեամբ առիթին համար մեծացեալ St. Laurent երգչախումբին (120 հոգիներ):
Դ) Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ պատկերազարդման համար համագործակցութիւն
նկարիչներու հետ, ինչպէս՝ Պետրոս Ասլանեանի եւ Պերճ Չաքըճեանի: Հայ գիրի ծիրին մէջ՝
Ա) Խմբագրում Կարապետ Եպս. Տէր Մկրտչեանէ գիրքի մը («Քրիստոնէութեան Իսկութիւնը»):
Բ) Խմբագրում եւ հրատարակում «Մաշթոց» Մատենաշարի (5 գիրքեր լոյս տեսած են. երկու գիրք՝
համագործակցաբար Իշխան Չիֆթճեանի եւ Մարուշ Երամեանի), խմբագրում եւ հրատարակում «Բան Եւ Գիր» Մատենաշարի (11 գիրքեր լոյս տեսած են):
Գ) Կրօնագիտական, բայոյագիտական եւ գրական ուսումնասիրութիւններ,
Դ) թարգմանութիւններ (ցարդ հրատարակուած երկու գիրք Ալեքսանդր Շմեմանէ):
Ե) Ինքնագիր հրատարակութիւններ՝ «Գրիգոր Նարեկացիի «Մեկնութիւն Երգոց Երգոյն Սողոմոնի» Գրքին Մեկնագիտութիւնը», «Եղծուած Հաղորդութիւնը», «Արամ Ա./Հայ Աստուածաբանական Մտքի Վերանորոգումին Համար», «Պատմութիւն Ս. Յակոբի Համայնքին/Որ Ի Մոնթրէալ, Գանատա», «Խոկումներ/Գր. Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»ի Ընթերցմամբ», Ա. Տետր (կը բովանդակէ խոկումներ Մատեանի առաջին 5 գլուխներուն վրայ):
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Տեղեակ էի, թէ Բագին պարբերականին առընթեր նախաձեռնութիւն մը կը պատրաստէ հրատարակութիւնը Յ. Քիւրքճեանէ հատորի մը: Եւ անհամբեր կը սպասէի: Ահա Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս տեսած է հատորը՝ որպէս առաջին թիւը «Բագին մատենաշար»ի, Սոնիա Քիլէճեանի եւ Րաֆֆի
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ