Ես, դուն եւ ժամանակը
Գոյներու աստղահոյլին մէջ մխրճուող
Նաւը հատեց վերջին գիծը հորիզոնին,
Ուր, աներեւոյթն էր անմեկնելի,
Ձգեց վրձինիս վրայ երանգ մը անսովոր,
Զոր մեքենական գիծեր կը մրոտէ
Հիմա, պաստառին վրայ։
Ծնած է Պէյրութ, 1961 թուականին։ Նախնական ուսումը ստանալէ ետք Ազգ. Կիլիկեան Վարժարանէն, յաճախած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճը։ Համալսարանական ուսումը շարունակած է Հայկազեան համալսարանին մէջ, հետեւելով պատմաբանասիրութեան ճիւղին, զոր աւարտած է 1984ին։ Նոյն մասնագիտութիւնը շարունակած է Թորոնթոյի համալսարանին մէջ, Քանատա։
Երկար տարիներ գործօն մասնակցութիւն բերած է Հայց. Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (ՀԵՀՈՄ), Համազգային Մշակութային Միութեան թատերական միաւորի գործունէութեան ու միջ–եկեղեցական շարժումին։ 1991-ին մասնակցած է Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 7-րդ Համաժողովին (Քանպերա, Աւստրալիա), ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Դպրեվանքէն ներս դասաւանդած է ուսողութիւն եւ անգլերէն լեզու։
Գրական գործունէութիւնը սկսած է ուսանողական տարիներուն։ Հրատարակած է բանաստեղծական երեք հատորներ՝ «Ուղեւորութիւն դէպի անծանօթը» (2003), «Դարասկիզբի մտորումներ» (2008) եւ «Խենթ գիշերներու թափառումներ» (2012)։ Աշխատակցած է «Բագին», «Կամար» գրական պարբերաթերթերուն, «Ազդակ», «Արարատ» եւ «Զարթօնք» օրաթերթերուն «Արծիւ» ամսաթերթին եւ «Նայիրի» երկշաբաթաթերթին։ Գրողներու Համահայկական Զ. Համաժողովին ընտրուած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ։ 2018ին, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ «Երազէն անդին» բանաստեղծութիւններու զոյգ հատորները, Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի խմբագրութեամբ եւ յառաջաբանով։ Խմբագրական եւ թարգմանական գործեր կատարած է. 1983ին, խմբային թարգմանութեամբ, անգլերէն բնագրէն հայերէնի թարգմանած ու հրատարակած է Ճպրան Խալիլ Ճպրանի ՄԱՐԳԱՐԷՆ երկը, հեղինակին ծննդեան 100ամեակին առիթով։ ՀԵՀՈՄի նախաձեռնութեամբ, խմբագրած է Ռուբէն Սեւակի «Երկեր»ը (1986), ընդարձակ մատենագիտութեամբ մը, եւ «Յուշամատեան ՀԵՀՈՄ–ի 25-ամեակի» (1988) հատորը։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Ես, դուն եւ ժամանակը
Գոյներու աստղահոյլին մէջ մխրճուող
Նաւը հատեց վերջին գիծը հորիզոնին,
Ուր, աներեւոյթն էր անմեկնելի,
Ձգեց վրձինիս վրայ երանգ մը անսովոր,
Զոր մեքենական գիծեր կը մրոտէ
Հիմա, պաստառին վրայ։
Գրութիւններու արխիւ