Սեղանիս վրայ դրուած են Վեհանոյշ Թեքեանի բոլորովին վերջերս հրատարակուած երկու գրքերը՝ մէկը բանաստեղծութիւնների Աղօթքներ ուռկանի մէջ վերնագրով (ինքնատիպ եւ անսովոր վերնագիր, բայց արդարացուած եւ իմաստաւորուած՝ իր ներքին բանաստեղծական բովանդակութեամբ). եւ միւսը՝ յօդուածների եւ…
Կարդալ աւելինԷԴՈՅԵԱՆ ՀԵՆՐԻԿ
Էդոյեան ծնած է 1940ին, Երեւան։ Աւարտած է Երեւանի Համալսարանի բանասիրական բաժինը, ապա՝ Մոսկուայի Գրականութեան հիմնարկը։ 1971էն գիտաշխատող՝ Երեւանի համալսարանը. ապա՝ դասախօս եւ ամպիոնի վարիչ (արտասահմանեան գրականութեան եւ գրականութեան տեսութեան)։ Հենրիկ Էդոյեանի ստեղծագործութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն եւ այլն։ Ռուսերէն լոյս տեսած է անոր «Խօսքի ուղղութեամբ» գիրքը (Մոսկուա, 1985)։ Տարուան լաւագոյն գիրքի համար 2002ին արժանացած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան ոսկէ մետալի, արժանացած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին (2004)։ Կ‘ապրի Երեւան։ Հրատարակած է քերթուածներու բազմաթիւ հատորներ՝ «Անդրադարձումներ» (1977), «Պատկեր եւ կէսօր» (1980), «Երկրային ժամանակ» (1983), «Այժմ եւ միշտ» (1987), «Քայլեր եւ ստուերներ» (1996)։
Գրութիւններու արխիւ