Սոյն էջերով կու գանք «Բագին»ի ընթերցողներուն ներկայացնել երեք նոր հրատարակութիւններ, որոնք լոյս տեսած են նախորդ տարի՝ 2015-ին, Իսթանպուլի կամ, ինչպէս վարժ ենք ըսել, Պոլսոյ մէջ։ Այսպիսով, երեք հատորներուն որոշ մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ…
Կարդալ աւելինՓԱՓԱԶԵԱՆ ՀՐԱԿ
Ծնած է 1991ին, Պէյրութ, Լիբանան։ Աւարտած է Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, 2010ին։ 2013ին Լիբանանի ամերիկեան համալսարանէն ստացած է հաղորդակցական արուեստներու պսակաւոր արուեստից վկայականը։ 2015ին ստացած է մագիստրոսի վկայական՝ Օքսֆորտի համալսարանէն, ուր մասնագիտացած է ընկերային մարդաբանութեան մէջ՝ գրելով իր մենագրութիւնը պոլսահայոց ժամանակակից ընկերային– ինքնութենական հարցերուն մասին։ 2015էն սկսեալ անցած է իր դոկտորականին, որպէս Օքսֆորտ համալսարանի մարդաբանութեան բաժանմունքի ուսանող, եւ 2020ի Փետրուարին յաջողութեամբ պաշտպանած է իր աւարտական մենագրութիւնը, որ կը վերաբերի ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ այլազան հայկական խմբաւորումներու եւ ինքնութիւններու, անոնց ներքին յարաբերութիւններուն ու անհամաձայնութիւններուն։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Ամպիս մէջ
Սկսիմ քառանկիւն մը մրոտելով.
Գրչով շոյեմ ճերմակը թուղթին մինչեւ մելանս
յղանայ։
բառ մը
բառեր
Պարապութեան դէմ է փորձս որ կ’ընեմ
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ