Յետագայ էջերով հրատարակութեան կու տանք հայ մեծանուն վիպասան, թարգմանիչ եւ հասարակական-մշակութային գործիչ Զապէլ Եսայեանի անտիպ նամակները, յղուած՝ գրող, հրապարակագիր, պատմաբան եւ կրթական-մշակութային գործիչ Արամ Անտոնեանին։
Կարդալ աւելինՄԻՆԱՍԵԱՆ ՄԻՀՐԱՆ
Ծնած է Հալէպ, ուր յաճախած է Ազգային Հայկազեան վարժարան եւ Ազգային Քարէն Եփփէ ճեմարան:
Առանձին հատորով հրատարակած է հետեւեալ գիրքերը.
1- “ليحلَّ النور… وقصائد أخرى” («Եղիցի Լոյս Եւ… Այլ Քերթուածներ», Դամասկոս, 1995, 176 էջ): Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն հատընտիր մը՝ արաբերէն լեզուով:
2- “حبّة الرّمان. مائة قصيدة حبّ أرمنيّة” («Նռան Հատիկը – Հայկական 100 Սիրային Բանաստեղծութիւն», Դամասկոս, 1999, 126 էջ)։ Նահապետ Քուչակի վերագրուող միջնադարեան 100 հայրէններու արաբերէնի թարգմանութիւն։
3- «Անապատին Կակաչները» (Անթիլիաս, 2002, 86 էջ): Սուրիացի ժամանակակից վիպագիր–պատմուածագիր Իպրահիմ Ալ Խալիլի՝ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով գեղարուեստական գործերուն հայերէն թարգմանութիւնը:
4- “ثورة الحلبيين على الوالي خورشيد باشا العثماني (1819-1820) يوميَّات المطران أبراهام كوبليان“- «Հալէպցիներու Ապստամբութիւնը Կուսակալ Խորշիտ Փաշայի դէմ (1819-1820)- Աբրահամ Արք. Քիւփէլեանի Օրագրութիւնը», (Հալէպ, 2008, 240+8 էջ)։ Հրատարակութեան պատրաստութիւն, ուսումնասիրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ։ Հեղինակակից՝ Պետրոս Արք. Միրաթեան։
5- “أقنعة ومرايا“- «Դիմակներ Եւ Հայելիներ» (Դամասկոս, 2010, 224 էջ)։ Կ՛ընդգրկէ թարգմանական ընտիր էջեր Համօ Սահեանէն, Զահրատէն, Զարեհ Խրախունիէն, Յովհաննէս Գրիգորեանէն եւ Իգնա Սարըասլանէն։
Այս հատորը 2009ին արժանացած է Սուրիոյ Մշակոյթի նախարարութեան «Սամի Ալտրուպի»ի անուան թարգմանչական առաջին մրցանակին։
6- «Կիլիկիոյ Հայերը» հատորին համահեղինակ, Պէյրութ, 2012։
Աշխատակցած է հայագիտական հանդէսներուն պատմա-բանասիրական ուսումնասիրութիւններով, նուիրուած՝ հայ հնատիպ գիրքին, հայ պարբերական մամուլի մատենագիտութեան, հայերէն ձեռագիրներուն, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան եւ այլ թեմաներով։ Զբաղած է նաեւ բանահաւաքչութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւրաւոր վերապրողներէ գրի առած է անոնց վկայութիւններն ու ազգագրական– բանահիւսական հսկայական նիւթ։
Արաբական պարբերական մամուլին մէջ մօտ 60 անգամ հրատարակած է հայ բանաստեղծութենէն թարգմանութիւններ, ինչպէս նաեւ տպած է արաբերէն լեզուով պատմա–բանասիրական ուսումնասիրութիւններ, իսկ հայ մամուլի էջերուն թարգմանաբար տպած է արաբ հեղինակներու հայկական թեմաներով գրած մօտ 35 գործ։
2012էն ի վեր կ՚ապրի Երեւան ու կը պաշտօնավարէ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Ինստիտուտին մէջ։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Զապէլ Եսայեանի եղերական մահէն ութսուն տարիներ ետք տակաւին իրմէ մնացած է անտիպ նամակներու հսկայ քանակ մը, որ կը շօշափէ անձնական, ազգային եւ հասարակական այլազան թեմաներ, յատկապէս՝ Կիլիկիոյ որբախնամ աշխատանքին առնչուող նիւթեր, որոնք այնքան կարեւոր են այդ շրջանի պատմութիւնը համակողմանիօրէն ուսումնասիրելու տեսանկիւնէն։ Այս…
Կարդալ աւելին 8. Rue Lamartine
Viroflay (s. et o.)
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Քանի օր է որ ձեզ պիտի գրեմ բայց աչքերս կուրնալու չափ հիւանդ էին ինչպէս եւ լիարդս: Այսօր քիչ մը աղէկ եմ (թէեւ դաշտահանդէսին չի…
18-
21 Հոկտ. 1931v
179, Rue de Vaugirard
Paris
Սիրելի պարոն Անտոնեան,
Այս առաւօտ ստացայ երկտողդ եւ յիշեցի իմ աներեւակայելի մոռացութիւնս։ Կը խնդրեմ ներո-…
Գրութիւններու արխիւ