Ընդամէնը հայելի մըն եմ
ջարդուած հայելին զիս կրող պատկերներուն
քաղաքներու պատերուն փակցուցեր եմ
զիս կրող պատկերներուն անունները բաղաձայն
բազմաձայնումը
Ոսկորներուս խշրտուքը ծանրանալով
անլուծօրէն կը լծուի հողիս ամլութեան
Ամլութիւնը տարածուեր է լեզուիս եւ գանկիս մէջ
ոսկորներուս վրայէն պէտք է անցնէի
ՏՈՒԶՃԵԱՆ ՄԻՐՆԱ
Ծնած է Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս գաւառը։ Նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանէն ստանալէ ետք, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը (UCLA) հետեւած է համեմատական գրականութեան ճիւղին եւ աւարտած բարձր պատուոյ յիշատակութեամբ (summa cum laude)։ 2013 թուականին նոյն համալսարանէն կ՚արժանանայ դոկտորական տիտղոսի, մասնագիտանալով համեմատական գրականութեան մէջ եւ աւարտաճառը գրելով յետխորհրդային հայ եւ ռուս գրականութեան մասին։ Որպէս այցելու դասախօս, միջազգային գրականութեան գլուխգործոցները, ֆիլմ եւ համեմատական գրականութիւն յաջորդաբար դասաւանդած է Ֆիլատելֆիայի «Թեմփըլ» համալսարանը, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղը եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը։ Ներկայիս դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլի մասնաճիւղը (U.C. Berkeley), ուր հայոց լեզու եւ գրականութիւն կը դասաւանդէ։
Գրութիւններու արխիւ