Գրիգոր Պըլտեանի երեք պատումները՝ «Սեմեր», «Հարուածը» եւ «Նշան», լոյս տեսան «Գիշերադարձ»ի առաջին հատորով, 2012-ին։ Այս ինքնակենսագրական երեք պատումներով կը սկսի Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» գրական լայն աշխատանքը, որուն արդէն ութը հատորները տպագրուած են։ Պատումներուն վայրը Պէյրութի Հայաշէնի բլուրն է, ուր կ՚ապրին օսմանեան տարբեր գաւառներէ հասած վերապրողներ։
Կարդալ աւելին
ԳԱՐԱՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՆԱԶԻԿ ՆԱԹԱԼԻ
«Ծնած եմ Հալէպ: Սնած եմ այս շէն գաղութին հայկական ոգիով, որ իմ մէջս դրած են ընտանիքս, դպրոցս՝ Հ.Բ.Ը.Մ–ի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարանը եւ ակումբս՝ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւնը (Հ.Ե.Ը.): Վկայուած եմ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի (A.U.B.) կենսաբանական ճիւղէն:
Երկու բացառիկ ուսուցիչներ՝ պրն. Կարապետ Ճուհարեան (հայերէնի ուսուցիչս) եւ Ըսթէզ Ճորճ Սալէմ (արաբերէնի ուսուցիչս), որ նաեւ քսաներորդ դարու սուրիացի մեծ գրագէտ մըն էր, աճեցուցած են գրականութեան սէրը իմ մէջս:
1970-ին, գրականութեամբ ուռճացած, գաղթեցի Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքը, ուր Նազիկը վերածուեցաւ Նաթալիի, այս երկրի ազգութիւնը ունենալու համար: Նազիկ առանց «կ»ի պիտի ըլլար «Նազի», որ ընդունելի չէր: Ամուսինս եւ ես Սթրազպուրկի առաջին հայերէն էինք այն ժամանակ:
Պայքարս սկսաւ նախ լեզուն սորվելու եւ իւրացնելու: Աւարտեցի հաշուարարութեան՝ computer-ի դասընթացքներս ֆրանսական կեանքս ապահովելու համար:
Աշխատեցայ Եւրոպական Գիտական Հետազօտութիւններու Հաստատութեան մէջ մինչեւ հանգստեան թոշակի տարիքս:
Աշխատանքէն դադրելով, վերադարձայ իմ նախընտրած ճիւղիս՝ գրականութեան: Այլեւս ազատ էի: Արձանագրուեցայ «Ինալքո»ի հայկական ամպիոնը: Բախտը ունեցայ ունենալու Գրիգոր Պըլտեանը որպէս ուսուցիչ: Դժուար է բացատրել այն բարձր որակի դասընթացքները, զորս Գրիգոր Պըլտեան կը հրամցնէր իր ունկնդիրներուն: Երեք տարի շարունակաբար հետեւեցայ եւ պատրաստեցի «մասթըր I» եւ «մասթըր II» Պըլտեանի արձակ գրուածքներուն մասին։ Թէզի նիւթ ընտրեցի «Գրիգոր Պըլտեանի յիշողութեան համադրութիւնը եւ երեւակայութեան զօրութիւնը» : Կը մնամ անոր անհագ կարդացողը:
Ստեղծեցի Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակը (Cercle des Amis de K.B.) ծանօթացնելու համար այս հանճարեղ գրողին գործերը օտարներուն: Հայկական շրջանակէն դուրս օտարներու հասցնել այս որակաւոր գրականութիւնը մեր պարտականութիւնն է: Պէտք է թարգմանել եւ տարածել իր գործը:
Երազ մը ունիմ. բաղդատական ուսումնասիրութիւն մը կատարել հետ– ցեղասպանութեան հայկական եւ հրէական գրականութիւններու միջեւ»:
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Նորվան արք. Զաքարեան իր «Առաջին ընթերցում Գրիգոր Պըլտեանի Կրկնագիր մարդը» վերնագրով յօդուածին մէջ («Բագին» 2016, թիւ 1-2) հրաշալի կերպով կը ներկայացնէ այս հատորը։ Ան մեզի կ՚ընծայէ տարբեր շերտերը այս եզակի գործին, որուն մէջ կ՚ուրուագծուին ինքնութեան հարցը, օտարութիւնը, եւ այդ օտարութեան փորձառութենէն վերածնող մարդը։
Չեմ ուզեր գիրքին նիւթը դարձեալ ներկայացնել հոս, այլ կ՚ուզեմ Կրկնագիր մարդը
Գրութիւններու արխիւ