«կ՚ուզէի՛ տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ,
որ բնաջնջէ այս ցեղը,
անկարեւոր մարդոց այս փոքր ցեղախումբը»
որուն պատմութիւնը վերջ պիտի գտնէ իր իսկ ձեռքով,
պատերազմները՝ բարոյականով բաւարարուած,
կառոյցները՝ դառնացած,
գրականութիւնը` աղաւաղուած,
երաժշտութիւնը` օտարացած,
աղօթքները` թատրոն դարձած:
ԽԱԺԱԿ ՌՈՒԲԷՆ
Ռուբէն Խաժակ ծնած է Թորոնթօ, Գանատա։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Թորոնթոյի Հ.Օ.Մ.-ի ամէնօրեայ վարժարանէն ներս. գրական առաջին փորձերը կատարած է Վարժարանի «Զանք» տարեգիրքին մէջ։ Անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են «Հորիզոն գրական»ի, «Ազդակ»ի, «Ալիք»ի, «Հայրենիք»ի, «Թորոնթոհայ»ի, «The Armenian Weekly»ի, «Արծիւ»ի, «The Armenian Poetry Project» առցանց ծրագրի եւ «Բագին»ի էջերուն մէջ։ Այժմ Երեւան կը բնակի։
Գրութիւններու արխիւ