Պատմութեան սկիզբը ծովեզերեայ վայր մըն է, հոն է որ առնուած է հիմնադիր քայլը։ Մերսինէն Պէյրութ հասնող նաւերէն գաղթական ժողովուրդը իջած է ցամաք։ Այս զանգուածին համար նախատեսուած էր մեծ գաղթակայան մը, մայրաքաղաքին հիւսիս-արեւեքը՝ նաւահանգիստին անմիջական հարեւանութեամբ տեղ մը. հիւսիսի կողմէն սահմանը ծովն էր, իսկ հարաւի կողմէն՝ թրամվայի գիծը։
Վայրը Լիբանանի հայութեան ռաջին մեծագոյն…
ԹԱՇՃԵԱՆ ՎԱՀԷ
Պատմագէտ։ Ծնած է Լիբանան։ Շրջանաւարտ է «Նշան Փալանճեան» ճեմարանէն։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւան, Պելճիքա եւ Փարիզ։ Տոքթորական իր վկայականը ստացած է Փարիզի École des Hautes Études en Sciences Socialesէն։ Աշխատած է Փարիզի եւ Պերլինի զանազան գիտական-հետազօտական կեդրոններու մէջ։ Ներկայիս գլխաւոր խմբագիրն է Պերլինի մէջ գործող «Յուշամատեան» ծրագրին։ Հեղինակն ու համախմբագիրն է զանազան հրատարակութիւններու։
Գրութիւններու արխիւ