Ան պատմեց քեզի պատմութիւնը քու մասիդ։
Անապատէն կու գաս դուն ալ, իրեն պէս։ Կապ չունի որ ծնունդէդ եօթ ու կէս տասնամեակ առաջ էր Դէպքը։ Մինչ կը կարծէիր, թէ կը մեծնայիր ապահով, ասիկա-անիկա ըսելով աշխարհը կը ճանչնայիր, Դէպքը հետդ էր, մէջդ. կը մեծնար, քեզի հետ կամ քեզի համար։
Մինչ այդ կային պատմութիւնները Դէպքին. կարաւաններ՝ արեւուն տակ…

ԲԱՏԻԿԵԱՆ ՔՐԻՍՏԵԱՆ
«Ես մէկը չեմ՝ երկու եմ, եւ գոնէ իմ պարագայիս, իմ alter-ego-ս կ՚ապրի ոչ թէ տեղ մը ժամանակի եւ տարածութեան մէջ, այլ՝ իմ մէջս։ Ուրեմն հոսկէ կու գայ անձիս սոսկալի երկատուածութիւնը, որովհետեւ, այդ միւսը, եղբայրս ըլլայ, կամ նոյնինքս ես, չափազանց տարբեր է ինձմէ (կամ ես՝ իրմէ)։ Մէկ մարմինին մէջ ապրած ըլլալով, սակայն, տարբեր կենսագրականներ ունինք, եթէ մեզմէ մէկը ծնած է, ըսենք, Պոլիս, միւսը կրնար ծնած ըլլալ Պուրքինա Ֆասօ կամ Երեւան։ Յետոյ օր մը եկաւ, ասկէ քանի մը տարի առաջ, երբ այս երկու եսերս, պարագաներու բերումով, իրարու ձուլուեցան, եղայ արեւմտահայ մը արեւելահայ իրականութեան մէջ, կամ արեւելահայ մը՝ արեւմտահայ երազներու մէջ։ Ուր կ՚աւարտի ան, եւ ուր կը սկսիմ ես՝ չեմ գիտեր։ Միայն գիտեմ, որ երկուքս ալ կը փափաքինք գրել»։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Կ’ըսէ՝ մտքերս կը ցաւին։
Կ’ըսեմ՝ մտքերը ի՞նչպէս կրնան ցաւիլ։
Կ’ըսէ՝ անանկ զգացում մըն է, կը մտածես ու միայն ցաւ կը զգաս, կարծես ներսէն կը մխաս, եւ աշխարհը գլխուդ հիմա կը փլչի եւ ամէն բան անիմաստ է․․․։
Երբեմն չեմ գիտեր՝ հոգեբո՞յժ կանչեմ, թէ՞ նուազ տպաւորապաշտ ընկերուհի մը գտնեմ։ Յետոյ կ’անդրադառնամ որ հոգեբոյժ մը…
Գրութիւններու արխիւ