Կոմիտաս Վարդապետը դարձած է խորհրդանիշը հայ մշակոյթի եղեռնեան նահատակութեան: Ան մնաց կենդանի մարտիրոս մը Հայոց ցեղասպանութեան ու հիւանդագին վկան դարձաւ նաեւ ազգի մը մշակութային սպանդին:
Եղեռնեան գեհէնէն յետս կոչուած, Կոմիտաս Պոլիս կը հասնի 15 Մայիս 1915-ին: Բայց արդէն իսկ հոգեբարոյապէս խեղուած ու մտովի խաթարուած, ան զինադադարէն ետք, 1919-ի սկիզբը
ՏԱԳԷՍԵԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ
Ծնած է 1960ին, Պէյրութ: 1983ին մագիստրոսականով վկայուած է Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքէն, 1989ին Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքէն, 2003ին՝ Սկովտիոյ Էպըրտինի համալսարանի գիտական ուսումնասիրութիւններու մեթոտաբանութեան եւ վերլուծութեան բաժանմունքէն, իսկ 2011ին պաշտպանած է դոկտորականը՝ «Democracy and Integration in Multicommunal Polities: The Armenians and the Kurds in Lebanon» նիւթով, Ուէյլզի համալսարանէն: 1993-2016՝ պատասխանատու քարտուղար, իսկ 2017էն պատասխանատու խմբագիրն է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին: Անդամ է «Հայագիտական Հարցեր» (2014էն), «Ցեղասպանագիտական Հանդէս» (2018), «Բազմավէպ» (2019) պարբերականներու խմբագրակազմերուն: 2011էն տնօրէնն է Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին: Խմբագրած է գիրքեր՝ «Լիբանանի Հայերը (Բ.) Գիտաժողովի Նիւթեր» (2017), «Սուրիոյ Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր« (2018), «Յորդանանի Հայերը Գիտաժողովի Նիւթեր» (2019), Եղեռնի վերապրողներու յուշեր՝ Օննիկ Սիրմէլեան, «Կեանքիս Գուպարը Ջութակիս Հետ» (1988), Յակոբ Սերոբեան, «Եղեռնի Յուշերս» (2005), Յարութիւն Գալայճեան, «Միլիոնէն Մէկը» (2018), նաեւ իսլամացուած հայերու նուիրուած յուշագրական հատոր մը՝ Մինաս Թեճիրեան, «Անունովդ Ապրիս» (2015): Կազմած է Գերսամ Ահարոնեանի «Խմբագրականներու Հատընտիր»ը (1996): Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի հետ կազմած է «Լիբանանահայ Գիրքը 1894-2012, Մատենագիտական Ցանկ» հատորը (2013): Հեղինակն է «Պատմութիւն ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանակի, 1922-1937» (1993), «Վահան Պէտէլեան. Երաժիշտ–Մանկավարժը» (2004), «Լիբանանի Հայօճախը, Գիրք Ա., Համարկումին Խաչուղիները» (1920-2005) (2015), «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի Մը Երաժշտացումը» (2017), «ՀԲԸՄ Հաճընի Որբանոցը (1919-1920)» (2020): Մամուլի տակ է միսիոնարուհի Ալիս Քիփ Քլարքի «Նամակներ Կիլիկիայէն» օրագրական հատորին իր կատարած հայերէն թարգմանութիւնը: Պետրոս Թորոսեանի հետ պատրաստած է Վահան Թէքէեանի՝ «Արեւ»ի մէջ լոյս ընծայած խմբագրականներու ժողովածուն:
Գիտական հետաքրքրութիւնները կ‘ընդգրկեն ժողովրդավարացումը, մարդկային իրաւանց, ինքնութեան, համարկումի, Սփիւռքի մշակոյթի եւ պահպանման, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեան հարցերը, Եղեռնեան որբանոցները եւ որբանոցային կեանքը, հայ քաղաքական մտքի շրջափոխումները:
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
ՄԱՐԿ Նշանեան մասնագէտն է կրկնակի հարկադրանքի, ինչ որ նաեւ կը կոչուի կրկնակի հակասական հրաման։ Որպէս (մանաւանդ) Ժան-Ֆրանսուա Լիոթառի ընթերցող, հոն ուր ան կը խօսի վերապրողի դիրքին մասին ժխտողին դէմ յանդիման, Նշանեան մտաւորական ու զգացական իր կեանքէն մեծ մաս մը յատկացուցած է Ի. եւ ԻԱ.. դարերու երկայնքին հայերու պարզած վիճակին ընդերքը հասկնալու աշխատանքին։
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ