Ժանգն է թափանցողը,
ապակիներով ոռոգուած անդունդ։
Վերջնական փոսն է
հմայիչը,
թափօրով մեզ հրողը։
Մի՛ կարծեր որ անթեղուած կրակը
կը պաղի ցօղով։
Անկեղծ հնազանդութիւնն է…
ողջախոհերու հաւատարիմ սնունդը,
ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԱՆՆԱ
Ծնած է 1962ին Պուէնոս Այրէս: Մասնագիտութեամբ փաստաբան է: Դասաւանդած է «Իրաւունքի փիլիսոփայութիւն» նիւթը Պուէնոս Այրէսի «Սալվատոր» համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ (1988 – 2001): 2003ին աւարտած է Պուէնոս Այրէսի «Լասանեան քոլէճ»ի հոգեվերլուծութեան դոկտորան: Հրատարակած է` Շուրթեր, Քարի տակ, Խեղդողը, Երբ ամեն ինչ վերջանա`ամեն ինչ կվերջանա, Կովկասները բանաստեղծական ժողովածուները, Նրանց կինը վէպը, Նուռը, Իմը, Խուանա Ա պատմուածքները, ինչպէս նաեւ Մարդկային պահեստարան. անհետացման մի աշխարհագրութիւն ուսումնասիրութիւնը: Ֆրանսերէնէ սպաներէնի թարգմանած է Լիւսյէն Ֆրապիէ-Մազուրի Սադը եւ օրգիայի արձանագրումը գիրքը եւ անգլերենէ սպաներէնի` Սիւզան Գուբարի Հոլոկոստի պոեզիայի ընդարձակն ու համառոտը. Հոլոքոստի ուսումնասիրութեան «Եադ Վաշէմ» միջազգային դպրոցի ֆինանսաւորմամբ իրականացուցած է «Ողջակիզման յիշողութիւնը եւ անոր փոխանցման երկընտրանքները» սեմինարը Երուսաղէմի մէջ, (2008). Արժանթինի եւ Հայաստանի մէջ նկարահանած է «Ա» վաւերագրական ֆիլմը` Արժանթինի Կինոյի և Տեսաձայնային արուեստներու Ազգային Ինստիտուտի ֆինանսաւորմամբ: Ֆիլմը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արժանթինի զինուորական գունդի բռնապետութեան օրով անհետացածներուն, որու ղեկավարն է Իգնասիօ Դիմատիան (2010թ): Աննա Արզումանեանը «Ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրող հետազօտողներու միջազգային միութեան» անդամ է:
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
… Ուղղաձիգ ասեղներու քաղաք՝
Նիւ Եորք, եկեղեցի պանդոկներու,
լողաւազաններու,
տուրմի խանութներու։
Իր շօշափուկներն
արձակող կղզի,
մթին արգանդ՝
գայլի երախի նման…
շէնքերը մինչեւ վերջը տանիքներուն…
Գրութիւններու արխիւ