ՄԱԾՈՒՆԵԱՆ ԱՐԱ
Բեմադրիչ, շարժանկարիչ եւ անկախ արտադրիչ Արա Մածունեանը կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ Լոս Անճելըսի մէջ։ Շարժապատկերի եւ պատկերասփիւռի մարզին մէջ ստացած է պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսի վկայականներ՝ Քալիֆորնիոյ UCLA համալսարանէն։ Հեղինակն է զանազան ֆիլմերու, ինչպէս՝ վաւերագրական ժապաւէններու, դաստիարակչական տեսերիզներու եւ պատկերասփիւռի ծանուցումներու։
Արա Մածունեանի Վարդագոյն Փիղը (1988), որ կը պատմէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին թատերախումբի մը անդամներուն միջեւ արուեստի եւ կեանքի շուրջ վէճերուն մասին, արժանացած է Panavision մրցանակին եւ պատկերասփռուած շարժապատկերի միջազգային զանազան փառատօններու ընթացքին եւ պատկերասփիւռային զանազան կայաններէ։
Ան եղած է Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին պատկերասփռած դրամահաւաքներէն (թելեթոն) ութին արտադրիչը, ինչպէս նաեւ ֆիլմեր արտադրած է Լոս Անճելըս գաւառի գաղթականներու ծրագիրին համար եւ դասախօսած՝ ՀՕՄի կազմակերպած ամառնային ուսմանց ծրագիրներուն ընթացքին: Մածունեան նկարահանման իր վերջին գործը կատարած է «Մելթտաուն» ֆիլմին համար, որ հրապարակուեցաւ 2015ին: Որպէս դերասան բեմ բարձրացած է Պարոն Կարպիս, Երկու Հարիւր, Աւազախրում եւ Վարդագոյն Փիղ թատերախաղերուն մէջ։ Ան գործակցած է նաեւ Սմիթհսոնիըն հաստատութեան հետ իրականացնելու «Իմ Հայաստանը» (2018) ծրագիրը։
2016ին, հրատարակած է Birds’ Nest a Photographic Essay of Bourj Hammoud լուսանկարչական ալպոմը։
Գրութիւններու արխիւ