Յայտնի չէ, թէ ինչո՛ւ ապստամբութիւնը, որ սկսաւ մարտ 2007ին, մեր ձեռքը հասած վաւերագրութիւններուն մէջ յիշուած է «Բերիաշէնի Երկրորդ Պատերազմը» անունով։ Յուշագրութեան հեղինակը հաւանաբար նկատի առած է Մեծ Հայրենական Պատերազմը իբր առաջինը, թէեւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմը որեւէ համեմատութեան եզր չունի…
Կարդալ աւելինՀԱՃԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ
Ծնած է Հալէպ, 1968ին։ Լրագրող է։ Որպէս խմբագիր աշխատած է Պուէնոս Այրէսի La Prensa օրաթերթին մէջ, ապա փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աշխատած է CNN-ի, Bloomberg News-ի եւ The Wall Street Journal-ի, նաեւ աշխատակցած է Los Angeles Times-ին, International Business Times-ին եւ Le Monde Diplomatique-ին։ Լրագրութիւն ուսանած է Պուէնոս Այրէսի մէջ։ Աւարտած է նաեւ Անգլիոյ Գէյմպրիճ համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքը։ 2018-ին լոյս ընծայած է Secret Nation: The Hidden Armenians of Turkey («Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թաքուն հայերը») հատորը։ Նոյն տարին սկսած է դասաւանդել լեզու եւ պատմութիւն Մխիթարեան Միաբանութեան Սուրբ Ղազար մայրավանքի նոր ընծայարանի սեմինարականներուն։ Կը բնակի Վենետիկ։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Հայկական մտածողութեան մէջ «Հարաւ»ի գաղափարը գրեթէ անգոյ է, նշած է Վարդան Մատթէոսեան։ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի սահմանումները տիրապետած են մեր իրականութեան։ Հետեւաբար, Սփիւռքի հարաւային գաղութները, արդէն հարիւրամեայ Արժանթինի գաղութը (եւ թերեւս աւելի նոր…
Կարդալ աւելինԵ.
Տուրեանի հետեւելով, նախարարները իրենց դաւադրութեան աշխատանքը կը մշակէին խիստ գաղտնի պայմաններու մէջ։ Դաւաճանութեան հետքերը ծածկելու համար, Տուրեան սկսած էր նոյնիսկ կեղծ ժողովներ գումարել «էշ նահատակներով»:
Տուրեան հետեւեալ ձեւով կը գործէր. իր…
Է.
Ավետարան ըստ Բեմարլենի
Евангелие от Бемарлена
Ավետարան ըստ Բերիաշենի Մարքսիստ-Լենինիստ Մատերիալիստական
Գիտությունների Ինստիտուտի
ԿԻՐԱԿԻ ամրան գիշեր մը ութսուն հինգ տարի առաջ, 9 օգոստոս 1936ին, Գուրգէն Մահարի կը պատմէ, որ սեղանակիցներ Վահրամ Փափազեանի եւ Հրաչեայ Ներսիսեանի հետ Երեւանի «Ինտուրիստ» ճաշարանին մէջ «կոնեակ էինք խմում եւ ձմերուկով թարմացնում կոկորդներս» երբ
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ