Այսչափ ճոխ նուէր՝ ձեռագրերի մեծ քանակի նուիրատւութիւն սրանից առաջ ստացել ենք տասնհինգ տարի առաջ՝ 2003 թ., երբ Նոր Ջուղայեցի բանասէր Լեւոն Մինասեանն իր կեանքի ընթացքում հաւաքած ձեռագրական նիւթերը՝ մօտ 50 միաւոր նուիրեց…
Կարդալ աւելինՏԷՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ԳԷՈՐԳ
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր։ Ծնած է 1951ին։ Ուսանած է ԵՊՀ–ի պատմութեան բաժանմունքի հնագիտութեան, աղբիւրագիտութեան եւ ազգագրութեան բաժինը՝ աղբիւրագէտ–պատմաբանի մասնագիտացմամբ։ 1974էն մինչեւ օրս կ՚աշխատի Մաշտոցեան մատենադարանին մէջ, սկիզբը՝ իբրեւ գլխաւոր աւանդապահի (ձեռագրատան վարիչի) օգնական, ապա գլխաւոր աւանդապահ, նաեւ՝ ձեռագրագիտական հետազօտութիւններու, իսկ 2007էն մինչ օրս ձեռագրագիտութեան եւ մայր ցուցակի բաժինի վարիչ։ 1995-1998 եղած է նաեւ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն։ Զբաղած է հիմնականին մէջ միջնադարեան պատմական, ծիսական, դաւանաբանական եւ այլ կարգի աղբիւրներու բանասիրական եւ բնագրագիտական քննութեամբ, բնագիրներու գիտական հրատարակութիւններու կազմութեան, ձեռագիրներու նկարագրութեան եւ նմանաբոյթ աշխատանքներով։ Հրատարակած է 30 գիրք, իսկ գիտական մամուլին մէջ՝ 200-է աւելի յօդուածներ, խմբագրած է 40-է աւելի գիրք, որոնց մէջ՝ Մաշտոցեան մատենադարանի ձեռագիրներու Մայր ցուցակի հինգ ստուար հատոր։ ԵՊՀ–ի եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանին մէջ կը դասաւանդէ։ Էջմիածնի հրատարակչական խորհուրդի, Կիւլպէնկեան հաստատութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մատենագիրք Հայոց» հատորաշարի գիտախմբագրական խորհուրդի անդամ է։
Գրութիւններու արխիւ