Գարշահոտ պարտէզ բառերու
գարշահոտ պարտէզ բառերու
անարմատ
ճարպոտ գոլորշի
կրծուած սիրոյ
կպչուն յաճախանք անտանելի գիրերու
ոսկորի վրայ ձայնի խծբծանք
չի լքեր…
«Ծնած եմ Լիբանան՝ Պուրճ Համուտ, աւարտած եմ Երեւանի Պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը։ Մասնագիտական գործունէութիւնս սկսած եմ լրագրութեամբ, մաս կազմած եմ սփիւռքահայ երկու թերթերու խմբագրութեան եւ աշխատակցած մէկ քանիին։1986-էն ի վեր կ’ապրիմ Ֆրանսա։ Այսօր բազմամեայ ուսուցչուհի եմ, հայերէն եւ հայոց պատմութիւն կը դասաւանդեմ փարիզեան արուարձանի մէջ գործող Դպրոցասէր վարժարանին մէջ։ Հսկայածաւալ նիւթ մը՝ աշակերտներս, այսինքն ուսուցիչներս։
Վերջերս կեանքի կոչեցի «Ծիծեռնակ» անունով պլոկ մը, հայերէնով արտայայտուելու ընդունակ պատանիներու եւ երիտասարդներու տրամադրութեան տակ դրուած. www.dzidzernag.wordpress.com
Կ’ուսումնասիրեմ 19-րդ դարու հայ գրականութիւնը։ Կը գրեմ անհաշիւ, առանց մտածելու գրածիս եւ իմ՝ գրողիս ճակատագրին մասին։ Ազատութիւնս ամէն բանէ վեր է»։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Գարշահոտ պարտէզ բառերու
գարշահոտ պարտէզ բառերու
անարմատ
ճարպոտ գոլորշի
կրծուած սիրոյ
կպչուն յաճախանք անտանելի գիրերու
ոսկորի վրայ ձայնի խծբծանք
չի լքեր…
ԵՍ անհրաժեշտն եմ։ Անշրջանցելին։ Զիս կը փնտռէք ամէնուրեք. ամէն անկիւն, ամէն ծակ, ամէն ծալք։ Ամէն խօսքի եւ ամէն արարքի-տարերքի մէջ ես պէտք եմ։ Փնտռել չէ, զիս գտնել է պէտք։ Ստիպուած էք, քանի մարդկային մոլորակը ինքն իր վրայ չի դառնար առանց ինծի։
Չէ, մեծամիտ չեմ։ Կ’ըլլայի՝ եթէ փնտռելով փնտռէիք զիս ու չգտնէիք, կ’ըլլայի՝ եթէ կարեւորութիւնս անզսպելիօրէն զգացնող բացակայ մը ըլլայի։ Բայց ոչ, համեստ եմ ու
Գրութիւններու արխիւ