Ռուբէնի արուեստանոցը կը գտնուի Փարիզի 15րդ թաղամասի գողտրիկ փողոցի մը մէկ անկիւնը, ծուարած քանի մը յարկանի հին շէնքի մը գետնայարկը։ Աշխատանքի վայր մը, որ տարիներու երկայնքին վերածուած է նաեւ կենսալից տարածքի մը։ Առօրեայէն սակայն կը խնդրուի մնալ դուրս ու չխանգարել հոն բոյն դրած արուեստը, որ առաջին բնակիչի օրէնքով՝ կը մնայ միակ գերիշխանը…
Կարդալ աւելինՄԱԹՈՍԵԱՆ ՇԱՔԷ
Շաքէ Մաթոսեան փիլիսոփայ է, հաղորդակցութեան տեսութեան թեկնածու։ Դասաւանդած է Universidade Nova e Lisboa համալսարանին մէջ, 1981-1993։ Իբրեւ պատուաւոր դասախօս, Պրուսէլի Académie Royale des Beaux-Arts-ի մէջ դասախօսած է մինչեւ 2015։ Հեղինակ է բազմաթիւ յօդուածներու, տպագրուած մասնագիտական հանդէսներու («Traverses», «Furor», «Coloquio/Artes», «La Part de l’OEil», եւ այլն) եւ արուեստագէտներու պատկերագիրքերու մէջ։ Համագործակցած է խմբային հրատարակութիւններու, ինչպէս՝ «Les Entretiens de la Garenne- Lemot», «La Sorcière de Michelet», «Rousseau et le spectacle», «Le corps transparent», եւ այլն։ Մասնակցած է միջազգային գիտաժողովներու եւ սեմինարներու։ Քարլօ Օսոլա հրաւիրած է զինք, որ մասնակցի Collège de France-ի կազմակերպած սեմինարին՝ Միշըլէի մասին երկու զեկուցումներով, դասախօսութիւն մը Լէոնարտօ տա Վինչիի եւ Ալբրեխտ Տիւրերի ինքնապատկերներու մասին Հայաստանի մէջ եւ դասախօսութիւն մը Սիորէն Քիերքեկորի «Հրապուրիչ»-ի անտեսանելիութեան մասին։ Հեղինակ է բազմաթիւ մենագրութիւններու. «Espace public et représentations» (La Part de l’OEil, 1996), «Saturne et le Sphinx։ Proudhon, Courbet et l’art jus- ticier» (Droz, 2002), «Des admirables secrets de l’Ararat – Vinci, Dürer, Michel-Ange sur les traces d’Er et Noé» (La Part de l’OEil, 2009), «Et je ne portai plus d’autre habit – Rousseau l’Arménien» (Droz, 2014)։
Գրութիւններու արխիւ