Տուր ինծի ձայնդ
Սուատ Մասի
որպէսզի կոկորդիս մէջ գրկեմ ոռնացող աղմուկը քաղաքին
ջնջելու յիշողութիւնը բոլոր գիշերներուն բազմադրուագ
ուր բնակեցայ իբրեւ վերջին արթուն պահակը
արցունքի ու մահուան
կախուած
ՔԻԼԷՃԵԱՆ ՍՈՆԻԱ ՍԱՆԱՆ
Ծնած եմ գրող ըլլալու համար, բայց մինչեւ օրս ինքզինքս գրող չեմ համարեր: Միշտ վախցած եմ ստանձնելէ գրողի ճակատագիրը, ատոր համար ալ թափառած եմ մասնագիտութենէ մասնագիտութիւն, տեղ մը հետաքրքրական բան մը գտնելու եւ գրողը մէջս սպաննելու համար: Ուզած եմ Երեւան ապրիլ, բայց չեմ կրցած, չեմ դիմացած անհայրենիք հայրենիքի անինքնութիւն ինքնութեանս: Հիմա կ՚ապրիմ Մոնթրէալ Րաֆֆի Աճէմեանին եւ տղոցս` Վայքին եւ Վէմ-Գառնին հետ: Բազմալեզու մշակոյթին մէջ կը դասաւանդեմ արեւմտահայերէն եւ կը խմբագրեմ Պէյրութի մէջ 1962էն ի վեր լոյս տեսնող «Բագին» գրական ամսագիրը:
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Մարմինն ու արիւնը գիրի վերածելով եւ բանաստեղծութեան մարմին ու արիւն տուող բանաստեղծն է Կարօ Արմենեանը։ Վկայակոչելով մարդը եւ վաւերագրելով մարդուն գոյութենական խնդիրներն ու անկէ բխող հարցադրումները, Կարօ Արմենեանը սփիւռքի բանաստեղծութեան կը բերէ «իրաւ»ութեամբ գրելու արուեստը։ Արեան
Կարդալ աւելինՇՂԱՐՇԷՆ ԱՆԴԻՆը ճարտարապետ-լուսանկարչուհի Նուարդ Տալեանի եւ Բագինի խմբագիր-բանաստեղծուհի Սոնիա-Սանան Քիլէճեանի համատեղ աշխատանքի արգասիքն է։
Նուարդ Տալեանի լուսանկարչական պատկերները, որոնք կը ներկայացնեն Համշէնի հրաշալի բնութիւնն ու զայն զով հոսանքներով ծածկող ու ապա կամաց-կամաց անհետացող մշուշի արթած անսահմանութեան զգացողութիւնն ու քօղազերծուող լիճի կախարդանքը, կը զուգաւորուին
Գրութիւններու արխիւ