Սփիւռքահայ թատերագիրներու վտիտ ցանկին մէջ, Օշական թատերագիրը թատերախումբերու եւ բեմադրիչներու ուշադրութիւնը հազիւ թէ հրաւիրած է իր վրայ ցարդ, հակառակ հեղինակին յօրինած շուրջ 15 թատերախաղերուն։ Թէեւ անոնցմէ մէկ քանին արժանացած են ցանցառ բեմադրութիւններու, Օշական թատերագիրը կը շարունակէ մեծաւ մասամբ հայկական բեմերէն բացակայիլ տակաւին։ Ըստ Վահէ Օշականի, այս…
Կարդալ աւելինԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆ ՎԻԳԷՆ
Ծնած է Հալէպ։ 60-ական թուականներուն հաստատուած է Մոնթրէալ: 2006ին, Université de Montréal-էն վկայուած է անգլերէնով գրականութեան ճիւղին մէջ մագիստրոսի (M.A.) աստիճանով, իսկ 2016ին ստացած է իր դոկտորական կոչումը (Ph.D.) նոյն համալսարանէն, աւարտաճառի նիւթ ընտրելով կիներու անհատականութեան կազմաւորման խնդիրները ամերիկացի գրող Հենրի Ճէյմզի վէպերուն մէջ: Ասպարէզով ուսուցիչ, Թիւֆէնքճեան անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդած է Université du Québec a Montréal-ի (1977-2002) եւ Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ (1981-2010): 2002ին նշանակուած է այս վերջին հաստատութեան հայերէնով դասաւանդուող ծրագիրներուն պատասխանատու, իսկ 2010-2011ին վարած է նոյն վարժարանին տնօրէնութիւնը։ Իր մասնագիտութեան գծով, Թիւֆէնքճեան դասախօսութիւններ ներկայացուցած է միջազգային եւ հայկական գիտաժողովներու, հրատարակած ուսումնասիրութիւներ եւ հայերէնի թարգմանած քանի մը թատերախաղեր եւ պատմուածքներ։ 2014էն սկսեալ, անդամ է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան։ Անցեալին անդամակցած է «Հորիզոն Գրական յաւելուած»ի խմբագրութեան, իսկ այժմ «Բագին»ի եւ Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան «Օշական» մատենաշարի խմբագրական խորհուրդներուն։ Թիւֆէնքճեան ներկայիս կը վարէ Համազգայինի Գանատայի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքը ու նաեւ կը գործէ Համազգայինի Մոնթրէալի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին մէջ իբր դերակատար եւ բեմադրիչ: 2014ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը զինք պարգեւատրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
1880-1910 երեսնամեակի անգլիական թէ ամերիկեան գրականութեան ամենէն ցայտուն դէմքերէն մէկն է Հենրի Ճէյմզ։ Ծնած էր Նոր Եորք 1843-ին. 1869-ին կը հաստատուի Անգլիա, ուր կ՚ապրի մինչեւ իր մահը 1916-ին։ Հեղինակն է տասնեակներով վէպերու, վիպակներու եւ պատմուածքներու, որոնցմէ ամենէն ուշագրաւ խորագիրներն են What Maisie Knew (1897),
Կարդալ աւելին25 յունուար 1948ին, իր մահէն շուրջ երեք շաբաթներ առաջ, Յակոբ Օշական հարցազրոյց մը շնորհած է Տիգրան Ոսկունիի, որ Մնացորդացի հեղինակին տուած է սփիւռքահայ գրականութեան վերաբերեալ շարք մը հարցումներ, ընդ որում՝ զրոյցի վերջին հարցը՝
Կարդալ աւելինԱնձաւներու պատերուն իր նկարած կամ փորագրած ժայռապատկերներու անյիշատակ ժամանակներէն իվեր, մարդը յար լծուած է իր ներքին եսը շօշափելի օրէն արտայայտելու անդադրում ճիգին։ Այդ ժայռապատկերները մեզի կը թելադրեն, թէ մարդուն ապրած բնաշխարհն ու զայն իր հետ բաժնեկցող անասունները զինք կը տպաւորէին ուժեղօրէն. միաժամանակ, եւ աւելի…
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ