Չորս տասնամեակէ ի վեր մեծանուն գրողին՝ Գուրգէն Մահարիի զաւակը՝ գրականագէտ Գրիգոր Աճէմեան նուիրուած է հօրը աւանդը բոլորիս ժառանգութիւնը դարձնելու մեծ գործին։ Ան սիրով ընդառաջեց հարցազրոյցի մեր հրաւէրին, հարցազրոյց, որ կը միտի ոչ միայն Մահարիի դէմքը ա՛լ աւելի պայծառացնելու, այլեւ մանաւանդ ծանօթացնելու արդէն մեծավաստակ
Կարդալ աւելինԱՐԹԻՆԵԱՆ ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ծնած՝ Գահիրէ, Եգիպտոս, 1940ին։ Մոնթրէալաբնակ՝ 1966-էն ի վեր։ Ճարտարապետ (Պսակաւոր – B. Arch. Գահիրէի համալսարանէն, 1964, Մագիստրոս – M.Arch. Մոնթրէալի ՄգԿիլ համալսարանէն, 1969)։ Մասնագէտ՝ մասնագրերու խմբագիր (specification writer)։ Մասնագիտական յօդուածներ՝ գանատական անգլերէն ու ֆրանսերէն թերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ։ Մաս կազմած է Քեպէգի Մշակոյթի նախարարութեան Մշակութային իրերու (յուշարձաններու պահպանութեան) յանձնաժողովին։ Գրող, հրապարակագիր (1955-էն սկսեալ՝ «Յուսաբեր», ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»ի «Հայաստան», «Հայրենիք», «Հորիզոն», «Դրօշակ» եւ այլն)։ «Հորիզոն»-ի հիմնադիրներէն, խմբագիր շաբաթաթերթին (1981-1991) եւ անոր ամսական գրական յաւելուածին (1984-2009)։ Պատասխանատուն «La Cause arménienne / The Armenian Cause» տեղեկատուի խմբագրական յանձնախումբին (1984-1992): Մասնակից Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ ազգային երկրորդական վարժարանի ստեղծման։ Հեղինակ «Ոստայն» 14 հատորներու շարքին (1988-2020, վերջին տասը՝ միայն առցանց), խմբագիրը՝ Հայաստանի պատմական ատլաս /Historical Atlas of Armenia-ի (1987), եւ խմբագրի երկու օգնականներէն մէկն ու գեղարուեստական խմբագիրը «ՀՅԴ Յուշամատեան» ալպոմ–ատլասին (Ա.հատ. 1992 եւ Բ.հատ. 2001)։ Անդամ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան։ Անդամ`Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան (1998-2006)։ Արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին եւ «Համազգային»ի շքանշանին։ Ամուսնացած՝ Նազան Գուլաքեանին հետ. երկու դուստր՝ Լորի եւ Արազ:
Գրութիւններու արխիւ