Երբ ներկայ կ’ըլլաք խմբային ցուցահանդէսի մը ու կը սկսիք աչքէ անցնել պատերը խճողող պաստառները, պահ մը կու գայ երբ կը նշմարէք կտաւ մը որ ձեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր վրայ։ Կը շարունակէք ձեր ճամբան բայց կը վերադառնաք անոր։ Եթէ անիկա Նարինէ Իսաջանեան է, ապա կանգ կ’առնէք։ Կը կենաք, որովհետեւ անմիջապէս կը ներգրաւուիք անկէ եկող թրթռացումով։ Եթէ ուզէք այդ ազդեցութիւնը նկարագրող բառապաշար մը փնտռել, հետեւեալ գոյականները (ուրիշներու կարգին) ի մտի կու գան. արմատներ, խորհուրդ, հող, փիլիսոփայութիւն, ոգի, խորք, ուժ, տիեզերք, գետին, […]
Կարդալ աւելին
ՆԻԿՈԼԱ ՉԵԼԻԱՊՈՎ
Գրութիւններու արխիւ