Սելեւկեաններու հին մայրաքաղաք Անտիոքի արեւմտեան կողմը կը գտնուէին Ճեպէլ Մուսայի զուտ հայաբնակ վեց գիւղերը: Ամենէն մեծը Եողուն-Օլուգն էր, Միջերկրականի արեւելեան կողմը, մօտ մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ: 1915ին գիւղի բնակչութիւնը 1,233 հոգի կը հաշուէր: Եողուն-Օլուգի հարաւը, տասը վայրկեան հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուէր Խըտըր-Պէկը (բնակչութիւն՝ 1,149 անձ), իր գեղեցիկ մրգաստաններով: Ամենէն բարձր գիւղը Պիթիասն էր (բնակչութիւն՝ 1,050 անձ) եւ իր գեղեցիկ դիրքին պատճառով վերջին տարիներուն փնտռուած ամարանոց մը եղած էր: Այս գիւղին հարաւ-արեւմտեան կողմը, քառորդ ժամ հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուէր […]
Կարդալ աւելին
ԶԷՅԹԼԵԱՆ ՍՈՆԱ
Գրութիւններու արխիւ




