ՊՕՅԱՃԵԱՆ ԹԱՄԱՐ
«Ծնած եմ «Լեռներու տեսարան» քաղաքը։ Բայց թափառական եմ։ Միջնադարեան գրականութիւն (եւ ալ տարբեր ազգերու գրականութիւնները) համալսարանը կը դասաւանդեմ։ Փոքր տարիքէս ինքզինքս ասպետ ձիաւոր կը սեպէի։ Սովորաբար իմ աշխարհս միջնադարեան է՝ բայց ուրիշ միջավայր ալ կ՚այցելեմ։ Ես կը հաւատամ որ կեանքի արանքներուն մէջ կ՚ապրին յատուկ ճշմարտութիւններ՝ որ շատ անգամ անյայտ են ու այդպէս ալ կը մնան։ Կեանքիս արուեստագէտը ես եմ»։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Հարկ է լսել բանաստեղծներուն (Պաշլառ, «Տարածութեան քերթողականը») Սփիւռքահայ գրական աւանդոյթին հաղորդ դարձող ժամանակակից սակաւաթիւ գրողներու միջեւ անուն մը կայ, որ դժբախտաբար կը ստիպուի յետ մահու արժեւորուիլ։ Թենի Արլէն, մեծցած Սան Լուիս Օպիսբօ՝ Քալիֆորնիոյ կեդրոնական ափի գեղատեսիլ բլուրներուն մէջ, ինքզինք շրջապատեց Պոտլէռի, Ռիլքէի, եւ Ուայլտի պէս գրողներով իր պատանեկան տարիքէն։ Համալսարանական […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ




