Անցնող քանի մը տարիներուն լուսանկարչական երկու հատոր լոյս տեսան Պուրճ Համուտի ու պուրճ համուտցիներու մասին։ Առաջինը՝ վերը նշուած Արա Մածունեանի հատորն է (անգլերէն ու գունաւոր)։ Միւսը Արիան Աթէշեան-Տըլաքամբանյի՝ Ariane Delacampagne: Portraits of Survival – The Armenians of Bourj Hammoud, Somogy Editions, Paris 2014 հատորն է (անգլերէն – ֆրանսերէն, սեւ-ճերմակ)։ Նոյն նիւթով երկու…
Կարդալ աւելինԱՆՄԱՀՈՒՆԻ ՀՐԱՅՐ
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան։ Շրջանաւարտ՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանի։ Հայկազեան Գոլէճի մէջ թուաբանութեան եւ բնագիտութեան հետ կարճ ընդհարումէ մը ետք անցած է ALBA ճարտարուեստի ծրագրին։ 1984-ին փոխադրուած է Սան ֆրանսիսքօ ու San Francisco Art Instituteի BFA եւ MFA ծրագիրները աւարտած, մասնագիտանալով փորձառական ֆիլմի դաշտին։ Գործերը ցուցադրուած, պաստառուած եւ սփռուած են Սան ֆրանսիսքօ, Լոս Անճելոս, Նիւ Եորք, Փարիզ, Երեւան, Art Dubai, Sharjah Biennale, Pratt Manhattan, INALCO, Gulbenkian Foundation, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ համալսարաններու մէջ։ Հիւր խմբագիրը եղած է Նիւ Եորքի ArteEast Quaterlyի Spring 2014-ի թիւին, նիւթ ունենալով լիբանանահայ արուեստագէտները եւ քաղաքացիական պատերազմը։ Հիմնադիրներէն է San Francisco Armenian Film Festivalին, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի Desnelle Collectiveին։ Հարցազրոյցի նիւթն է Մարկ Նշանեանի «Կամ» հանդէս թիւ 6-ին։ Ներկայիս կ՚ապրի Լոս Անճելըս։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
«Փայլուն պատկեր
անշարժ
կը կենար մակերեսին վրայ
կը կապուէր բոլոր
մակերեսներուն
խորութեան խաբկանքով≫
…
ՐԱ — Եւ միւս գիրքերը, ամէն անգամ որ պատում…
Գերի իր մեղքին ու հաւատին, լուռ է։ Լուռ է մասամբ, որովհետեւ այն ատեն պատահարը կը լսուէր, բայց տակաւին լեզու չէր ելած։ Չէր իսկ գիտեր, թէ լեզու իսկ ել լեր որո՞ւն ո՞ր բարբառով խօսք պիտի առներ, հակառակ անոր որ բանակցութեան մէջ էր դիպուածին դէմը եղողին հետ։ Դիպուածը դէպքի վերածողին հետ։ Եթէ նայիս, ամէն խօսակցութիւն իրականին հետ ձախող բանակցութիւն մըն է։
Կարդալ աւելինԱրուեստագէտ ըլլալէդ անկախ, նախ եւ առաջ անդրադառնանք տեղացիութեանդ եւ ինքնութեանդ հարցերուն։ Դուն քեզ ինչպէ՞ս կը բնորոշես, որպէս լիբանանցի՞, լիբանանահա՞յ, ամերիկացի՞, naturalized ամերիկացի՞, ամերիկահա՞յ…
Քսան տարեկանէս մինչեւ քսանհինգ տարեկան այս հարցը բաւական տանջած էր զիս, որովհետեւ
1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին, որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած առաջնակարգ ամերիկեան պարբերաթերթն էր։ Նիւթս ճազը Միջին արեւելեանին հետ համաձուլող (fusion) երաժշտութեան մասին էր, ինչ որ անմիջապէս մերժուեցաւ, հակառակ զայն Օռնէթ Քոլմանի ու իր նման ճազի ծանրակշիռ անուններու գործերու պարունակին մէջ տեղադրած ըլլալուս։ Օրին ենթադրեցի որ մերժումի պատճառը անոնց բոլորովին անծանօթ անձերու մասին գրելու ցանկութիւնս էր, […]
Կարդալ աւելինԱնահիտ Գասապեան Լիվըրփուլի համալսարանէն ներս Ճէյմս եւ Գոնսթանս ամպիոնի պատուակալ դասախօս է։ Հանգստեան կոչուելէ ի վեր կ՚աշխատի Լիվըրփուլի Արաբական մշակոյթի փառատօնի ծրագիրներուն վրայ, որ իր 30,000է աւելի հանդիսատեսներով արաբական մշակոյթի մեծագոյն փառատօնը կը նկատուի Անգլիոյ մէջ։ Գիտական, ներառեալ՝ հայկական…
Կարդալ աւելինՌեբեկա Քոմէյի կրկնակի այս նախադասութիւնը, որ կը գտնուի հսկայածաւալ ու տպաւորիչ այն հատորին մէջ, որ կը կոչուի Lost in the Archives, յաճախ թիւրըմբռնուած է, կարծես ան ուզէր դատապարտել կուտակելու մարմաջը (իրեր, հետքեր, ապացոյցներ, փաստաթուղթեր), կարծես ըսէր՝ թէ շատ յիշելը վատ է յիշողութեան համար։ Սակայն արխիւը յիշողութիւնը չէ։ Ան աւելի ճիշդ հակառակն է, յիշողութեան աղէտն է։ Այդպիսի աղէտէ մը վերապրող մը ինքն իրմէ ամբողջովին…
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ