Պոլսոյ ձկնորսները՝ Սիտեաճը Սերքօն, Քարիտեզճի Սիրիկը, Կումիկը եւ միւսները, զորս Երուխանով կը ճանչնանք, դեռ կը տեւէին Ի. դարակէսին ալ, գնդուած Գումգաբուի մէջ, թաղի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ շուրջ։ Ձկնորսներու եկեղեցին կայ դեռ՝ անոնց երկ-երկու լումայ նուէրներով պճնուած, բայց ձկնորսները ոչ եւս են։
Տաճատ ռէյիս, Յուսիկ ռէյիս, Գրիգոր ռէյիս, Հայկ ուստա, Գէորգ ռէյիս… Անուններ, որոնք
ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ ՍԵՒԱՆ
Սեւան Տէյիրմենճեան ծնած է Պոլիս, ուր ստացած է իր սկզբնական ու միջնակարգ կրթութիւնը՝ Հինդլեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Հայաստանի մէջ, աւարտելով Երեւանի պետական համալսարանի հայկական բանասիրութեան բաժինը, «Մեհեան» եւ «Նաւասարդ» հանդէսներուն նուիրուած իր աւարտաճառով։ Նոյն հաստատութենէն ստացած է նաեւ յետբարձրագոյն կրթութիւնը՝ իր ատենախօսութիւնը պաշտպանելով Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին եւ ստանալով բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի կոչում։ 2005-ին վերադարձած է Պոլիս։
Տէյիրմենճեան որպէս հայկական բաժնի խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Արաս» հրատարակչատան մէջ։ Ցարդ հրատարակած ու խմբագրած է Զապէլ Եսայեանի (Գր. Պըլտեանի հետ), Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (Ս. Դւոյեանի հետ), Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Վահան Թէքէեանի, Միսաք Գօչունեանի, Վահրամ Թորգոմեանի եւ դասական այլ անուններու մամլոյ մէջ ցրուած, առանձին հատորով մը չհրատարակուած գրական գործերը, յօդուածները։
Տէյիրմենճեան որպէս ուսուցիչ կը պաշօնավարէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի մէջ, հայերէն ուսուցանելով բոլոր այն այլազգիներուն, որոնք ակադեմական կամ այլ նպատակներով կ՚ուզեն սորվիլ մեր մայրենին։ Միջոց մը որպէս հայերէնի ու գրականութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է նաեւ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուրկէ սակայն վտարուած է՝ իր քաղաքական գաղափարներուն եւ «Ակօս»ի մէջ գրի առած յօդուածներուն պատճառով։
Տէյիրմենճեան 1990-ականներու սկիզբէն ի վեր կ՚աշխատակցի պոլսահայ մամուլին՝ գրական, քաղաքական ու հանրային նիւթերու շուրջ յօդուածներ ստորագրելով, հարցազրոյցներ վարելով։ Այժմ կը թղթակցի «Ակօս»ին. անցեալին եղած է աշխատակիցը «Ժամանակ» եւ «Նոր Մարմարա» օրաթերթերուն։
Տէյիրմենճեան Թուրքիոյ Ազգային ժողովէն ներս կը պաշտօնավարէ որպէս խորհրդականը Տիգրանակերտի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի։ Կը մասնակցի գրական, լեզուական, կրթական գիտաժողովներու կամ հաւաքներու, կը սարքէ բանախօսութիւններ՝ ծանօթացնելով հայ գրականութիւնը օտար շրջանակներու։ Կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ հայերէնէ թրքերէնի եւ հակառակը։
Լուսանկարը՝ տոքթ. Արի Տէմիրճեանի
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
1964 թուականին Վահրամ Փափազեան (Պոլիս, 1888-1968, Երեւան) Երեւանէն երկտող մը կը յղէ Մուհսին էրթուղրուլին (Պոլիս, 1892-1979, Իզմիր)։ Յայտնի չէ, արդեօք հասցէատիրոջ ձեռքն անցա՞ւ ֆրանսերէնով գրուած այդ նամակը, ուր դերասանապետը փափաք կը յայտնէր անգամ մը եւս բեմ բարձրանալ Պոլսոյ կամ…
Կարդալ աւելին«Արաս» հրատարակչատունը հրատարակեց Երուանդ Թօլայեանի (1883-1940?), որ նշանաւոր է իր Կավռօշ գրական կեղծանունով, կոթողային յուշագրութիւնը՝ Կավռօշ-նամէն, որ ցարդ անտիպ մնացած, կը սպասէր իր հրատարակչին։ Հայր եւ որդի Հենրիկ եւ Արծուի Բախչինեաններու աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած հատորը…
Կարդալ աւելինԵրուանդ Օտեանի Ապտիւլ Համիտ եւ Շէրլօք Հոլմս վէպն ու վերջինիս թարգմանութիւնները հայ վիպագրութեան պատմութեան մէջ թերեւս ներկայացնեն եզակի օրինակ մը՝ կայսրութեան սահմաններէն ներս յոգնալեզուութեան ու բազմամշակութայնութեան փորձընկալումէն, որուն կ’անդրադառնայ այս յօդուածը՝ հպելով…
Կարդալ աւելինՎէպը, որուն կ՚ուզեմ անդրադառնալ, ունի դերասան, զաւեշտագիր լրագրող-հեղինակ մը՝ Երուանդ Թօլայեան, աւելի ծանօթ անունով՝ Կավռօշ։ Հայրը՝ Յովհաննէս Թօլայեան, շրջանի յայտնի հրատարակիչներէն ու խմբագիրներէն մէկն էր եւ որդին՝
Կարդալ աւելինԶաւէն Պիպեռեան հետեւեալ նամակները գրառած էր 1949ին, երբ տակաւին հրատարակած չէր իր անդրանիկ վէպը՝ Լկրտուածը, որ լոյս պիտի տեսնէր տասը տարի անց, 1959ին։ Ուրեմն, ան այդ թուականներուն Սփիւռքի շրջանակներուն առաւել ծանօթ էր որպէս Պոլիս հրատարակուող «Նոր լուր» թերթի (Բ շրջանը՝ 1945-1954 թթ.) «խիզախ խմբագիրը»։
Պիպեռեան Յունուար-Մարտ 1946ին խմբագրած էր «Նոր լուր»ը, ուր հրատարակած «Ա՛լ կը…
Ստանպուլահայ արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի (1921-1984) հետեւեալ նամակները առիթ են տարբեր դիտանկիւնէ մը նայելու գրական կապերու, գրողներու յարաբերութիւններու բնոյթին։
Իրանահայ բանաստեղծ ու նկարիչ Դեւ, Պոլիս այցելութեան շրջանին, յայտնի է որ կարճ տեսակցութիւն մը ունեցած է Պիպեռեանի հետ, որու ուղղեալ նամակին մէջ վերջինիս պատասխանէն կը տեղեկանանք, որ ան «գեղեցիկ տողեր» ալ գրած է Լկրտածըի մասին։
ՆԱԽ բնագրերու մասին։
29 յունուար 2020, չորեքշաբթի, արձակագիր Զաւէն Պիպեռեանի թողօնը պրպտելու նպատակով այցելեցի արձակագրի դստեր՝ տիկին Թիլտա Մանկասարեանի բնակարանը, Գատըգիւղի մերձ թաղամաս մը։ Տիկին Թիլտա Մանկասարեան եւ իր դուստրը՝ Արամեան վարժարանի ուսուցչուհի օր. Թամար Մանկասարեան տրամադրութեանս տակ դրին խաւաքարտէ մեծկակ տուփ մը, որու մէջ
ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ (Իսթանպուլէն գաղթած) արձակագիր Գեղամ Լ. Սեւանի((Գեղամ Սեւան, բուն ազգանունով Սվաճեան, ծնած էր Պոլիս, 1924ին։ Կրթութիւնը ստացած էր Վիեննական Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ըլլալով դասընկերը ստանպուլահայ ապագայ գրողներ Ռոպէր Հատտէճեանի, Զահրատի եւ Զարեհ Խրախունիի։
Կարդալ աւելինՍփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը (Վերյայտնութեան սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ