Ուսումնասիրութիւնս1 կ’աւարտեմ հետազօտելով ինքնութիւններու բազմակիութիւնը ժամանակակից հայկական իրականութիւններուն մէջ։ Այլ խօսքով՝ կ’ուզեմ վերադառնալ գիրքին սկիզբէն մինչեւ վերջ ներազգային տարբերութիւններու մասին կատարած տեսական եւ պատմական փաստարկումներուս, այս անգամ սակայն հայութեան ժամանակակից միջավայրերուն մէջ։ Չորս պատկերներուներ կայացումը լաւագոյն ձեւն է ցոյց տալու հայկական ազգային ինքնութեան տարբեր տարողութիւնները, որոնք կը յուշեն հայկականութեան զարգացումին մէջ հաւանական ուղղութիւններ։ Կը յուսամ չորս օրինակներով որոշ լոյս սփռել քսանմէկերորդ դարու սկիզբը հայ ըլլալու կարելի տարբերակներուն վրայ։ Պարագաներէն երկուքը Սփիւռքէն են, երկուքը՝ Հայաստանէն։ Անշուշտ ծայրայեղ օրինակներ են, սակայն նպատակայարմար […]
Կարդալ աւելին
ՓԱՆՈՍԵԱՆ ՌԱԶՄԻԿ
Գրութիւններու արխիւ