Գիշերը ոչ ուշ, ապակիի շռնչիւնէն կ’արթննամ։ Նոր քունի անցած եմ, Վահէին1 հարազատ շոյանքներուն շնորհիւ։ Հայրս շատոնց մեկնած է։ (Անվերադարձ)։ Սենեակը չորսիս ծանօթ մտերմիկութեամբ կը մրմռայ, հաւանաբար նաեւ վառարանին մրմնջող ճաթրտոցներուն ընկերակցութեամբ։ Ձայնաւոր լռութեամբ լի ընտանի ներդաշնակութեան մէջ խորթ կը հնչէ ապակիին զարկը։ Բայց ո՛չ ապակիին բոլորովին վստահ եմ, ո՛չ ալ վառարանին։ Տարիներ ետք մարմինը կը պարփակէ վերմակի ջերմութեան հետքերը։ Ուրեմն՝ օդը զով էր, թերեւս նոյնիսկ ձմեռնային։ Հետեւաբար՝ պատուհանը գոց։ Անպայման քարը փշրած էր պատուհանը։ Միւսներէն կրնամ ստուգել։ Իրենք արթուն էին՝ […]
Կարդալ աւելին
ԳՊՐԱՆԵԱՆ ՆԱՆՈՐ
Գրութիւններու արխիւ