Փուչիկը, սկսելով Տասնչորրորդ փողոցին վրայ կէտէ մը, որուն ճշգրիտ վայրը չեմ կրնար յայտնել, դէպի հիւսիս ընդլայնեցաւ մէկ գիշերուան մէջ, երբ մարդիկ կը քնանային, մինչեւ հասաւ Հանրային պարտէզը։ Հոն զայն կեցուցի։ Արեւածագին, ամենէն հիւսիսային եզերքը ծածկած էր Փլազան. անկաշկանդ ծփացող շարժումը թեթեւ էր ու մեղմիկ։ Բայց այդ կասեցումէն բխող գրգռուածութեան աղօտ զգացումէ մը տարուած, նոյնիսկ եթէ ծառերը կը պաշտպանուէին, եւ որեւէ պատճառ չգտնելով որ փուչիկը դէպի հիւսիս չտարածուի քաղաքին այն մասերուն վրայ, որոնց «օդային տարածքը» մտած էր, ճարտարա գէտներէն խնդրեցի, որ […]
Կարդալ աւելին
ՊԱՐԹԵԼՄ ՏԱՆԸԼՏ
Գրութիւններու արխիւ




