Ես ապրեցայ օրեր գեհեն,
Տատանուելով իբրեւ նաւորդ,
Եւ մահուան չափ տխուր էի:
Գեղեցկութիւնն կը մահանար աստուածներու տաճարին մէջ,
Եւ մոմերը հրակարմիր, Աստուածամօր նկարին մօտ՝
Հառաչալիր թաց բիբերով կը տանջուէին՝
զիրար կրկնող ցաւերու պէս:
ԳԱՐԱԼԷՔԵԱՆ ԱԶՆԻՒ
Գրութիւններու արխիւ