Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» շարքի հատորներու երկայնքին կ՚երեւին Լիբանանի ու յատկապէս Պէյրութի 50-ականներու եւ 60-ականներու փողոցները իրենց «լուսանկարչական» մանրամասնութիւններով։ Հետեւեալ տողերը առնուած են «երկուք» հատորէն լոյս տեսած Կլէնտէյլ, Ապրիլ հրատարակչատան մօտ, 2006-ին։
Կարդալ աւելին
ՊԸԼՏԵԱՆ ԳՐԻԳՈՐ
Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945-ին Պէյրութի մօտակայ թաղերէն՝ Հայաշէնի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի «Թորգոմեան» վարժարանին մէջ, ապա անցած՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, զոր աւարտած է 1964-ին։ Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ Պէյրութի «Էքօլ տէ Լէթր» հաստատութեան մէջ։
1967-ին մեկնած է Փարիզ։ 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն։ Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկէրի «Գեղագիտութեան զանցումը» նիւթին շուրջ։ Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ ֆրանսական մամուլին մէջ։
1978-էն սկսեալ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։
Կ’ապրի Փարիզի մէջ։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Լեզու յարալէզ
Հատուածային պիտի ըլլայ ինչ որ պիտի գրեմ այստեղ։
Սորված եմ բազմաթիւ լեզուներ եւ մոռցեր եմ մի քանին։ Մէջս բան մը մոռցեր է զանոնք։ Չեմ գիտեր ե՞րբ։ Կը պատահի որ հանդիպիմ անոնցմէ մէկուն կամ միւսին, քանի մը նախադասութեան…
Լերան կողն ի վեր։ Սեպ։
Կը բարձրանամ։ Գոնէ ատոր զգայութիւնն է։ Բուներուն միջեւ՝ լոյսի, ստուերի խաւեր, որոնք կը բծաւորեն միջոցը, կը շերտեն։ Ուղղահայեաց ալիքաւորում գիծերու։ Խաժ, խորունկ, հովասուն թափանցկութիւն մը։ Թերեւս նաեւ նոր փարատած մշուշի ծուէններ՝ որոնք կը կախուին ճիւղերէն, կը քայքայուին հետզհետէ։ Հով։ Շունչ։ Փայլեր կը կտրտեն կատարները.
(Ի՞նչ կրնամ պահպանել
եթէ ոչ անոնց անունը միայն,
հազիւ կոփուած
հակող հետզհետէ աւազուտքին։
Արդ ի՞նչ է մտածելը
եթէ ոչ մտածել անոնց,
տարագրուիլ ընդմիշտ
ի բաց անոնցմէ:)
Ոչի՛նչ կայ պատմելիք։
Շեղ ու սեպ սարաւանդ մը բոյսերու, վայրի տունկերու, գաճաճ ծառերու, որ հետզհետէ լեռը կը նուաճեն մինչեւ կատար եւ հեռակէտը առկայծ իմաստին։ Մշուշի ծուէն՝ որ կը փայլատակէ անտես ճառագայթէ մը բռնկած. իսկ ես կը գտնուիմ ստուերին մէջ, անոր տակ , փորուածքի մը փարած։ Կը փորեմ հողը փոփոխուող արագութեամբ ամպերու։
«Զուարթնոց» հանդէսի արխիւի քննութեան ընթացքին, ուրիշ նիւթերու կարգին, գտնուեցան Մ. Իշխանէն շարք մը քերթուածներ եւ քանի մը նամակներ՝ ուղղուած հանդէսի խմբագրին՝ Հրանտ Բալուեանի (1904-1968)։ «Զուարթնոց» ունեցած է հրատարակութեան քանի մը շրջաններ՝ 1929-էն մինչեւ գրեթէ խմբագրին մահը, բազմաթիւ ընդմիջումներով. ամսաթերթ…
Կարդալ աւելին1906-ի նոյեմբերին Զապէլ Եսայեան կը ձեռնարկէ Փարիզ-Գահիրէ երկար ու արկածալից ճամբորդութեան մը, պայուսակին մէջ՝ անտիպ վէպի մը ձեռագիրը։ Պիտի հանդիպի դեռ նոր կազմուող Բարեգործական Միութեան անդամներուն, մանաւանդ Պօղոս Նուպար փաշային, գրական թերթի մը հրատարակութեան համար։ Այդ ծրագիրը չ’իրականանար։ 1907-ի փետրուարին Եսայեան կը վերադառնայ Փարիզ, սակայն ոչ…
Կարդալ աւելինՉորս նամակներ Զ. Սիւրմէլեանէն պահպանուած են Սարաֆեանի արխիւին մէջ, Անթիլիասի Մայրավանք։ Մեր ենթադրութեամբ հաւանաբար նամակ մը եւս փոխանակուած է անոնց միջեւ, որ մեզի չէ հասած եւ որուն մասին ակնարկութիւններ կան։
Այս թղթակցութիւնը, ինչպէս կ՚րսէ Սիւրմէլեան, երկար չէ տեւած, եւ հոս տպուած վերջին գիրը…
ԲԱՌԵՐԷՆ մին է այս «արմատախիլ»ը, այնքան ընթացիկ դարձած որ կը թուի անբովանդակ։ Այսպէս ամեն անգամ երբ տուեալի մը յաճախակի երեւումը կը յաջողի սպառել կոչող անունը, կը վերածէ հասարակ տեղիքի, նոյնիսկ ու մանաւանդ եթէ հասարակացի մակարդակն է հոն խնդրոյ առարկայ։
Յօրինուած՝ չես գիտեր ինչ անհատական կամ համայնական դէպքի մը համար, գուցէ չարիք….
Էր հոն առաջ ինձմէ առաջ
էր
կը սպասէր
կամ թերեւս
կար միայն
հեռակայ
կամ առկախ
կը բախէի անոր կը խուժէր
Այս հատորը 11րդը կը հանդիսանայ Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» շարքին, որուն առաջին հատորը՝ Սեմեր, լոյս տեսած էր 1997ին։ Շարքի երկայնքին հետեւած էինք «Բլուր»ի թաղամասի բնակիչներու կենցաղին, որոնք ամէն մէկը հին երկրէն հետը քաշկռտած էր վերապրողի գոյութիւն մը ու հասնող սերունդներով նոր երկրին մէջ ծնունդ տուած խայտաբղէտ իրականութիւններով լի առօրեայի մը։ Պատմասանը հատորէ հատոր պիտի մեծնար ու հասուննար, ապա լքեր ծննդեան թաղամասը երթալ ուսանելու համար նախ քանի մը քայլ անդին՝ քաղաքի դպրոցը, ապա ծովէն անդին նոր կեանք մը ու գուցէ ժամանակ մը […]
Կարդալ աւելինԸնդառաջումը Գրիգոր Պըլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոն է, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ պատկերներ ու խորհրդածութիւններ։ Իր չորս բաժիններով, գիրքը ընթերցողը կը մխրճէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։
Կարդալ աւելինՀատորը հրատարակուած է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին նախաձեռնութեամբ, որ կը պարփակէ արձակ ու բանաստեղծական արձակ երկեր գրողէն։ «Ասատուր կամ ջնջումի տարածքը» 1993ին գրուած կարճ փորձագրութիւն մըն է, որ կը մեկնի Ասատուրի Պէյրութի մէջ տուած առաջին ցուցահանդէսէն, որոնք կ’ընդգրկէին նկարիչին առաջին գործերը՝ մեծ մասամբ գունաւոր իւղանկարներ, մինչեւ անոր անցքը ու տիրապետումը փորագրանկարի արուեստի սեւ ու ճերմակին։
Կարդալ աւելին«Դէմ առ դէմ»ը հրատարակուած է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին նախաձեռնութեամբ: Կը պարունակէ երկու կարճ բանաստեղծական արձակ կտորներ՝ «Մէջբերում» (1992) եւ «Արձակուրդ» (1994):
Կարդալ աւելին«Մասունք բանի»ն հրատարակուած է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին նախաձեռնութեամբ: Այս հատորը գրուած է 2017ին ու ամբողջացած 2019ին: Կը պարունակէ պըլտեանական արձակներու ոճով գեղեցիկ գրութիւն մը։
Կարդալ աւելինպիտի չխօսին չնային ձեզի պիտի չներեն փոսերուն համար որ չկան խիճ մը գանկի վրայ յետոյ խիճեր աչքին մէջ խրած մինչեւ խճճում մը մուխի հոն անօդին մէջ անմիջոցին անժամանակ պահուն որքան մօտենաք պիտի դառնան տարագիր անհպելի անտեսանելի անգոյ եւ այլեւս երբեք պիտի չկարենաք անխոցելի զանոնք ջնջել ինչպէ՞ս ստեղծել ժառանգել յիշել անոնք որ չծնան երբեք Մանտրա ԼԲ – Անժողովուրդ լեզու, հատուած 7 they will not speak will not look at you they will not forgive since the ditches themselves are […]
Կարդալ աւելինՀամանուն խորագրով գրութիւն մը պարունակող հատոր մը նախապէս լոյս տեսած էր 1999ին, իսկ գրութիւնը կը կրէր 1995 թուականը։ «Գրել Հայաստանի մասին։ Ահա ինչ որ ուզեր եմ ընել ամէն այցելութեան։ Հաւաքեր եմ նօթեր, նշանակեր տեղ, թուական, դէպքեր ու դէմքեր։ Բախեր եմ դժուարութեան։ Չեմ վերլուծած, բացած, դիմակալած զայն»։ Այսպէս, 30 տարի առաջ գրուած այս գրութիւնը աւելի բան կ՚ըսէ մերօրեայ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան,- գուցէ պէտք է ըսել «հիասթափութեան»,- մասին քան բազմաթիւ գրադարաններ միասին։ Ասիկա, որովհետեւ գրողը ոչ միայն անկեղծ է ինքն իր հետ, այլ […]
Կարդալ աւելինՀատորը կը խմբէ 2015էն 2025 Գրիգոր Պըլտեանի ու Արամ Պաչեանի միջեւ տեղի ունեցած երեք զրոյց։ Անոնց առանցքը կը կազմէ Պըլտեանի բազմակողմանի ճիւղաւորումներով գրականութիւնը, այսինքն ոչ միայն գրականութիւն, այլեւ լեզու, աւանդութիւն, արդիականութիւն, պատմութիւն, ժամանակ, եւն։ Առաջինը լոյս տեսած էր 1915ին «Ստացածդ բեռ է, ստեղծածդ՝ արարք» խորագրով, «Ինքնագիր» գրական հանդէսի կայքէջին վրայ։ Զրոյցները հեռակայ դրութեամբ եղած են, հարց- պատասխան իմակային փոխանակութեամբ։ Ի տարբերութիւն դէմ առ դէմ ուղիղ զրոյցին, այս եղանակը թոյլ կու տայ որ մտածումը գրիչի ու գրականութեան մէջէն յառաջ գայ, բան […]
Կարդալ աւելինՊատրաստեց եւ ծանօթագրեց՝ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆ Զապէլ Եսայեան ու Վահրամ Կաքաւեան (1903-1973) հանդիպած են անկասկած Փարիզի եռօրեայ «Երեւան» թերթի հրատարակման թերեւս առաջին տարիներուն (1925-1930)։ Այդ թերթին մէջ Եսայեան կը վարէր գրական բաժինը։ Չէր վարանած թերթի առաջին համարին մէջ գրելու «Մեր ուղղութիւնը» խորագիրով յօդուած մը, ուր կը խոստանար «ուշադրութիւնը» դարձնել «մասնաւորաբար այն երիտասարդութեան վրայ որ ըսելիք նոր բան ունի, արտայայտելիք հարազատ զգացումներ եւ որուն գրական եւ գեղարուեստական թափը իր կշռոյթը եւ շեշտը կը ստանայ տանջանքով, յոյսով, ձգտումերով լիքը կեանքին մէջ որ համաշխարհային […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ




