1867-1936։ Իտալացի թատերագիր, բանաստեղծ ու արձակագիր: ԺԹ. դարու բնապաշտ, թշուառութեան վրայ ողբացող գրականութենէն (Զոլայէն Տոսթոյեւսքի ու Տիքընզէն մինչեւ Զօհրապ) զատուելով՝ գրական հաւատամք մը մշակած է Umorismo անունով: Իր հերոսներուն չի մեղքնար ու ոչ ալ ընթերցողին ափսոսանքին կը յանձնէ, այլ թշուառութեան եւ յուսաբեկութեան մէջ զաւեշտալին կը փնտռէ, կը գտնէ ու ցաւագին…
Կարդալ աւելինԼԱԶԵԱՆ ԵՆՈՎՔ
Ծնած է, մեծցած ու տեւաբար կը բնակի Համացանցին մէջ։ Զինք ճանչցող հատուկենտ անձերը կը վարանին պնդելու որ իրենց տեսած մարդը իրապէս Ենովք Լազեանն էր։ Կը սիրէ մայրամուտը, մթնշաղն ու աղի պանիրը։ Քաֆքայի որոշ գործերը թարգմանած ըլլալ կը կարծէ. սպասենք ու նայինք՝ այդպէ՞ս է արդեօք։ Կը գրէ առաւելաբար մատիտով կամ թաց մելանով։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Նստելիք տեղ մը գտնուեցաւ բարեբախտաբար: Շոգեկառքը սպառնալից արագութեամբ կը լեցուէր, ու եթէ քաղաքավար մնայի եւ աջ ու ձախ չհրէի՝ ամբողջ ճամբորդութիւնս յոտնկայս պիտի անցնէր:
Դիմացս կեռասի պէս կլոր ու կարմիր շուրթերով տիկին մը նստած էր՝ սեփ-սեւ գանգուրներու թաւուտին մէջ շողացող ադամանդէ գինդերով: Քովը…
Աշնան անձրեւոտ օր մը հայրս ինծի նայեցաւ մտահոգ ու ըսաւ.
– Մոռցանք քեզ դպրոց դնել։
Սիրտս փլաւ։ Զիս տեղ մը պիտի դնեն։ Կարծես առարկայ մը ըլլայի։
– Ամբո՞ղջ օրուան համար,- հարցուցի առանց դժգոհութիւնս յայտնի ընելու։
– Մինչեւ կէսօր։
Հետեւեալ առտու հայրս տարաւ զիս
Ծանօթ ընտանիք մըն ենք։ Ընտանիք ըսելով մեծ մայրս նկատի ունիմ ու համեստ անձս։ Երկուքով կը բնակինք գլխաւոր պողոտայէն խիտ պուրակով մը բաժնուած եւ հողին ամրօրէն խրուած հաստորմ տունին մէջ։
Մեծ մայրս բարձրահասակ ոսկրուտ կին մըն է՝ լաչակին տակէն ճակտին վրայ գահավիժող հինայուած առատ մազերով։ Իր ձայնն իշխող է ու երբեմն չոր, սակայն շատ անգամ փաղաքուշ…
Հանդարտ ու ննջաւէտ մեր թաղին մէջ քիչ փոփոխութիւն կը կատարուի: Բնակիչները գլխանց կը բարեւեն զիրար եւ երբե՜մն միայն խօսքի կը բռնուին: Վաղեմի դրացիներս արդէն իսկ շատ չենք գիտեր իրարու մասին, ուր մնաց վարձակալները, որոնք աննշմար կը յայտնուին եւ նոյն չափ աննշմար կ’անհետին: Մեզ իրարու կապողը ցրուիչներն են: Ցրուիչը մարդկութեան մասնաւոր տեսակն է՝ օդերեւութաբանօրէն եւ հոգեբանօրէն: Կը տոկայ թէ՛ ձիւն-անձրեւին, թէ՛ ամրան տապին ու կիզիչ արեւուն: Եւ օդի դժնդակ պայմաններուն տակ իսկ կը մնայ մարդամօտ ու սրտաբաց: Օր մը նոր ցրուիչ […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ