Ի. ԴԱՐՈՒ վերջին քառորդէն ի վեր արեւմտահայերէնը սնուցանող ամենէն արգասաբեր մտածողներէն մէկուն առանձին հատորով պատուելը Բագինի պէս կէս դարէ աւելի աւանդութիւն արտադրած պարբերականի մը համար, նախ եւ առաջ կը նշանակէ լրջօրէն ստանձնել պատասխանատուութիւնը այս մտաւորականի աշխատութիւններուն պատշաճ կերպով ծանօթանալու ինչպէս նաեւ ընդունիլ…
Կարդալ աւելինՋԱԼԼԱԹԵԱՆ ԿԱՐԷՆ
Ծնած է Գիւմրի։ 2003էն բնակութիւն հաստատած է Լոս Անճըլոս: UCLA-ի մէջ ուսանած է գրականութիւն եւ իմաստասիրութիւն։ Գալիֆորնիոյ Irvine համալսարանէն բաղդատական գրականութեան դոկտորական աստիճան պաշտպանած է՝ երկրորդ աշխարհամարտին յաջորդող հայկական սփիւռքի գրականութիւնը եւ շարժանկարը վերլուծելով։ Հիմնական ուսումնասիրական հետաքրքրութիւններ. Վահէ Օշական, սփիւռքեան գոյավիճակի կարելիութիւններու պեղում եւ կատարողական արձանագրում, թարգմանութիւն, մտաւորական պատմութիւն։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
ԱՆԳԼԵՐԷՆ քիչ գործեր սփիւռքահայ փորձառութեան հիւսուածքը կ՚ընդգրկեն անոր ուրուային ստեղծագործութեան կախարդական հարստութեամբ։ Ահա թէ ինչու displaced հատումի հրատարակութիւնը նշանակալից է։ Ան կը հրամցնէ լոսանճըլէսաբնակ արուեստագէտ Արա Օշականի լուսանկարները եւ փարիզաբնակ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Կամուրջը» խորագրուած փորձագրութիւնը՝ Թալին Ոսկերիչեանի եւ Քրիստոֆըր Միլզի անգլերէն թարգմանութեան առընթեր։ Այս հատորի վկայակոչած գլխաւոր (միամիտ իմաստով)
Կարդալ աւելինՎահէ Օշական գոյութենապաշտ ներշնչումով՝ անհեթեթի գրողն է։ Անոր գոյութենապաշտութիւնը, որ կը սնանի եւրոպական, մասնաւորաբար՝ ֆրանսական յետպատերազմեան մթնոլորտէն, քննադատներու կողմէ յաճախ գրաւած է քննադատներուն ուշադրութիւնր, յատկապէս բանաստեղծական գործերուն պարագային։
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ