Այդ օր Ս. Բարթողիմէոս վանքին օրն էր։ Լերան քարերուն չափ հին օրերուն, չգիտես ո՛ր տեղէն, Սուրբը իր լայն մօրուսը հովին տուած, հեղուող աստղի մը պէս իջած էր Քարկապան լերան կողքին: Վանքին քարէ պատերը բորբոս կապած՝ ժանգոտ երկաթի գոյն առած էին:
Այդ մօտաւոր ու հեռաւոր գիւղերէն ուխտի կ’երթային տօնական նաշխուն հագուստներով: Վանքին ներսը՝ աղօթք, խունկ-պատարագ, բուրվառ ու քշոց։ Գիւղական քահանային

ՀԱՄԱՍՏԵՂ
Գրութիւններու արխիւ