Ընկեր մը ունիմ որ շատ տարօրինակ է։ Ամէն մարդու որ հանդիպի նոր ես մը կը ներկայացնէ։ Չեմ ըսեր որ միշտ իր ուզածը այն է՝ կրնայ ըլլալ որ իսկապէս փոխուած ըլլայ եւ կարելի չըլլայ հին եսը ներկայացնել՝ այն որ եղած է բայց այլեւս չէ։ Սակայն շատ անգամ երբ մարդու մը հանդիպի կը ստուգէ որ ներկայացուցած եսը յարմարի անոր։ Երբ փիլիսոփայի հանդիպի, կարծես շատ հետաքրքրուած ըլլայ փիլիսոփայութեամբ.
Կարդալ աւելին
ԱՐԼԷՆ ՃԵՍԻ
Ծնած է Պեւըրլի, Մասաչուսէթս, մեծցած՝ Սան Լուիս Օպիսփօ, Գալիֆորնիա։ Ներկայիս կ՚ապրի Լոս Անճելըս, ուր UCLA-ի Մերձաւոր Արեւելեան Լեզուներու եւ Մշակոյթներու բաժանմունքին մէջ PhDի կը հետեւի՝ կեդրոնանալով միջնադարեան շրջանին վրայ։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Քերթում
Ջուրը կեցնել
որպէսզի մտածումը
անսպասելին
որ կայացաւ քայքայումին մէջ
մարմնաւորուի
որպէսզի դառնայ խօսք
անհետանալէն առաջ
Տունէս ելայ ֆրանսերէնի դասին երթալու համար երբ ժանգոտ, ծիրանագոյն հեծիկէս տեսայ որ բակին մէջ պզտիկ Պենիթոն կը տանէիր փոքր, կարմիր կառքովդ։
Մօտեցայ եւ ետեւդ կանգնած ըսի. «Պուէնոս տիաս, Գարմէն»։
Արագ մը դարձար, ժպտեցար ու գրեթէ պոռալով ըսիր. «Կը յուսայի կոր որ շուտով քեզի պիտի տեսնէի»։
Առաջին ընթերցումս աւարտելէ ետք, որոշեցի Քրիստիան Բատիկեանի Մետաղէ երազներ վէպին մասին գրել՝ մէկ տարի առաջ (այո, մէկ տարի պէտք է անցնի որ միտքերս ու տպաւորութիւններս մարսուին, սառին ու ձեւաւորուին, առաւել՝ երկու ընթերցում եւս)։
Կարդալ աւելին Պիտի գրես, պիտի գրես, եւ անպայման խելացի բան մը դուրս պիտի բերես։
Անկարելի է որ այդքան գիրքեր կարդալէն ետք, այդքան դասախօսութիւններ լսելէն ետք, այնչափ տեղեկութիւն կլլելէն ետք ըսելիք խելացի բան մը չունենաս։
Միտքը՝ կղզի մը անիրականութեան ծովու մէջ. յոյս մը, որ բան մը կայ իրմէ դուրս. վստահութիւն մը, որ երբ քար կը տեսնուի, քար կայ։
Գրութիւններու արխիւ