“Առաջին բանը որ կը յափշտակէ Աբրահամեանի պաստառները դիտողին ակնարկը անոնց յօրինումին թատերականութիւնն է ու գոյներուն ճոխութիւնը, որոնք թրթռացում մը կու տան փորագրանկարներուն։ Իւրաքանչիւր պաստառ կարծես միջնադարեան մանրանկարէ մը կամ Քոմէտիա տելլ‘արթէէն առնուած տեսարան մը կը բեմադրէ։ Բանաստեղծականն ու խաղայինը կը գոյակցին աշխարհի մը ոլոր-մոլոր անցքերուն մէջ, ուրկէ անորոշ դէմքերով տիպարներ կը յայտնուին կեանքի բեմահարթակին վրայ որպէս ժամանակէն դուրս գոյատեւող լարախաղացներ։ Արուեստագիտուհիին տիեզերքը լեցնող տիպարները կը շարժին այնպիսի կահաւորումով վայրերու մէջ, ուր յաճախ կարծես հեռանկարը շրջուած կը թուի։ Անոնք երերուն հաւասարակշռութեամբ […]
Կարդալ աւելին
ՄԱՐԻ ԺԻՆԷԹ ՊՈՒՇԱՌ
Գրութիւններու արխիւ




