Յ. Օշականի անունին ու գործին, յատկապէս վէպերուն կապուած՝ առգոյ է «դժուարութեան», «բարդութեան» ընդհանուր տպաւորութիւն մը: Աւելի չէզոք բանաձեւումով՝ «ընթեռնելիութեան» խնդիր մը: Երեւոյթը ունի առարկայական կողմ մը, ինչ կը վերաբերի գործերու լեզուա-ոճային երեսին: Սկսած՝ հայերէնի քիչ գործածական եզրերէ, որոնք կրնան ընթերցող մոլորեցնել, ինչպէս կրցեր են, օրին, թիւրընթերցումի տանիլ գրաշար թէ հրատարակիչ-սրբագրիչ1, ապա՝ անցնելով բարբառային—յատկապէս բիւթանիական գաւառաբարբառի—բառերէ2՝ յանգելու օտարալեզու եզրերու, թրքերէն թէ ֆրանսերէն3: Ասոր կողքին, ու անշուշտ աւելի եւս, վերծանումի տարրերը Յ. Օշականի սեփական ոճին—շեշտօրէն ինքնուրոյն ոճ, արդիւնք՝ լեզուն իր բազմախաւ մտածումին-ապրումին […]
Կարդալ աւելին
Յ. ՎԵՐԾԱՆՈՂ
Գրութիւններու արխիւ