Տագնա՞պ։ Այո՛։
Սա տասնամեակը՝ որ անցաւ, չունի իր նախընթացը։ Մտաւոր ճիգի պակա՞ս, թէ զգացումներու շփոթ,- ի՞նչ կ՚ուզէք ըսէք, պիտի չկրնաք բուն բառը գտնել։
Տագնապը, որուն մասին կ՚ուզենք խօսիլ, գրականութեան մէկ ճիւղին կը պատկանի առաւելաբար,- հիմնականներէն մէկուն.- Վէպին։
Վրանաքաղաքները պատմութեան անցած են։ Սերունդ մը փոխուած է, Մնացորդացը դարձած անցեալ, ու, տակաւին, հայ գրողը (չենք համարձակիր ըսել՝ հայ վիպասանը)
ՈՍԿՈՒՆԻ ՏԻԳՐԱՆ
Գրութիւններու արխիւ