Հայ գրականութիւնը մեր ժողովուրդի լինելութեան վկայարանն է: Հայ գրողները ընդհանրապէս եկած են գաւառէն, բերելով հայաշխարհի շունչն ու շնչառութիւնը, ժողովուրդի երակը, հող-հայրենիի զգացողութիւնը։ Այդպէս էր մօտաւոր անցեալին, է նաեւ այսօր, քանի որ հողին եւ մարդուն միջեւ կայ առհաւական կապ։ Համաստեղ Յակոբ Մնձուրի եւ մեր անմիջական ժամանակակիցները Մկրտիչ Մարկոսեան կամ Հրանտ Մաթեւոսեան կը յատկանշուին բնաշխարհէն ստացուած հարստութեամբ։
Կարդալ աւելինՊԱԼԵԱՆ ՅԱԿՈԲ
Ծնած է Մայիս 1935ին, Ալեքսանտրէթ: 1939ին, երբ ֆրանսացիները լքած ու Թուրքիոյ յանձնած են Ալեքսանտրէթի սանճաքը, փոխադրուած է Հալէպ, ապա՝ Հոմս, ապա կրկին Հալէպ, Պէյրութ, կրկին Հոմս, Պէյրութ, հուսկ՝ Փարիզ: Նախակրթութիւնը ստացած է Հալէպ եւ Պէյրութ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Հալէպի «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը: Աւարտած է Պէյրութի ֆրանսական համալսարանի Բարձրագոյն Կրթութեանց կաճառը (Ecole Supérieure des Lettres) իբրեւ գրականութեան եւ իմաստասիրութեան ուսուցիչ: Պաշտօնավարած է «Քարէն Եփփէ» ճեմարանը, Լիբանանի Մարիստներու քոլէճը, Պէյրութի «Ս. Նշան» վարժարանը եւ Պէյրութի «Նշան Փալանճեան» ճեմարանը: 1974ին հաստատուած է Ֆրանսա, ուր գործօն դեր ունեցած է Մարսէյլի ճեմարանի հիմնադրութեան մէջ, շրջան մը խմբագրած է Փարիզի «Կամք» օրաթերթը եւ վարած՝ Փարիզի հայկական ձայնասփիւռը։ Եղած է նաեւ «Բագին»ի վարիչ խմբագիրը։ Լոյս ընծայած է շուրջ քսան հատորներ գրական (վէպ եւ բանաստեղծութիւն), գրականագիտական եւ հրապարակագրական բովանդակութեամբ: Ունի հրատարակելի հատորներ։ Աշխատակցած է եւ կը շարունակէ աշխատակցիլ Սփիւռքի հայ մամուլին, ինչպէս եւ Երեւանի «Գրական թերթ»ին։ Պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ» շքանշանով եւ Հայաստանի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, նաեւ՝ Հայաստանի վարչապետին եւ Սփիւռքի նախարարին կողմէ:
Գրութիւններու արխիւ