Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնը կնքող Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Պոլսոյ հայոց կեանքը սկսաւ կամաց-կամաց աշխուժանալ վերապրող մտաւորականութեան վերադարձով։ Նախաեղեռնեան երկու հրատարակութիւններ կը վերակենդանային. Մերուժան Պարսամեան (1883-1944), իր եղբօր՝ Մկրտիչ Պարսամեան (1886-1965) օժանդակութեամբ, կը վերահրատարակէր…
Կարդալ աւելինՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ ՎԱՐԴԱՆ
Վարդան Մատթէոսեան ծնած է Մոնթէվիտէօ ու 1973ին տեղափոխուած՝ Պուէնոս Այրէս։ 2000ին հաստատուած է Նիւ Ճըրզի։ Շրջանաւարտ է Խրիմեան Կրթական Հիմնարկութենէն (1981) եւ Պուէնոս Այրէսի պետական համալսարանի տնտեսագիտութեան ճիւղէն (1991)։ 2006ին ստացած է պատմական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկէն։
Պուէնոս Այրէսի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ դասաւանդած է հայոց պատմութիւն եւ հայերէն՝ միջնակարգ, երկրորդական եւ համալսարանական մակարդակի վրայ։ Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետն է։
1980էն աշխատակցած է հայ եւ օտար մամուլին, ստորագրելով հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն մեծաթիւ ուսումնասիրութիւններ, գրախօսականներ, հրապարակագրական յօդուածներ, թարգմանութիւններ եւ այլն։ Հրատարակած է հայերէն հինգ հատոր՝ «Կոստան Զարեանի շուրջ» (Անթիլիաս, 1998), «Անվերջ վերադարձ. Հայաստանի ճանապարհները (1988-2004)» (Երեւան, 2005), «Հարաւային կողմն աշխարհի. Հայերը Լատին Ամերիկայի մէջ սկիզբէն մինչեւ 1950» (Անթիլիաս, 2005), «Շամախեցի պարուհին. Արմէն Օհանեանի կեանքը եւ գործը» (Երեւան, 2007՝ Արծուի Բախչինեանի հետ), «Գրական–բանասիրական ուսումնասիրութիւններ» (Անթիլիաս, 2009)։ Լոյս ընծայած է նաեւ սպաներէն հատոր մը՝ «Անվերադարձ անցեալ, սպասող ապագայ. հայերը Արժանթինի մէջ՝ երէկ եւ այսօր» (Մոնթէվիտէօ, 2011), եւ անգլերէն հատոր մը՝ «Հայերէն լեզուի հարցեր» (Նիւ Եորք, 2019)։ Խմբագրած է հայերէն, սպաներէն եւ անգլերէն 20 հատոր, եւ սպաներէնի ու անգլերէնի թարգմանած՝ 20 հատոր։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Գուրգէն Մահարի (1903-1969), հայ գրականութեան երկրորդ Ապրիլ 24ի՝ 1936-1938ի ստալինեան մաքրագործումներու թերեւս ամենէն կարկառուն վերապրողը գրականութեան դաշտին մէջ, եղած է թէ՛ բեղուն արտադրող մը (այդ արտադրութեան մէկ կարեւոր մասը լոյս տեսած է յետմահու) եւ թէ՛ անդադրում նամակագիր մը։ Երեւանի «Անտարես» հրատարակչատունը…
Կարդալ աւելինԳրիգոր Պըլտեանի Հայկական ֆուտուզիզմ մենագրութիւնը մանրակրկիտ ու խորազնին ներկայացումով մեր գրականութեան պատմութեան լոյսին բերած է մոռացութեան գիրկը նետուած Կարա-Դարվիշի (Յակոբ Գէնջեան, 1870-1932) անունն ու արտադրութիւնը[1]։ Արեւելահայ ապագայապաշտութեան ռահվիրան, ինչպէս…
Կարդալ աւելինԿեանքի վերջին տարիներուն, գրականագէտ Ալմաստ Զաքարեանը (1923-2013) հրատարակած էր ծովածաւալ (1900 էջ) Եղիշէ Չարենց. կեանքը, գործը, ժամանակը աշխատութեան երեք հատոր (1997, 2003, 2008)։ Ըստ մահագրութեան մը, «Ա. Զաքարեանն աշխատեց այս կոթողային մենագրութեան յաջորդ հատորների վրայ, բառիս բուն…
Կարդալ աւելինԿոստան Զարեան նամակցած է ֆրանսահայ շարք մը գրագէտներու ու գրական դէմքերու հետ, որոնց շարքին՝ Հրաչ Զարդարեան (1898-1986) եւ Հրանդ Բալուեան (1900-1967)։ Անոնց պէտք է աւելցնել Կարօ Փոլատեանի (1910-1986) անունը, որուն հետ փոխյարաբերութիւնը բացայայտուած էր վերջինիս հրապարակումներուն շնորհիւ՝ 1955-ին կատարուած ու 1960ին տպուած հարցազրոյցը Զարեանի հետ եւ 1957-ին տպուած…
Կարդալ աւելին1953-ին Պոսթոնի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ ԼԵՄ ստորագրութեամբ յօդուած մը կ՚անդրադառնար 1930-ական թուականներու Հայաստանի մտաւորականութեան դէմ բռնաճնշումներուն։ Հեղինակը՝ Բ. Աշխարհամարտի խորհրդահայ ռազմագերիներէն Լեւոն Մկրտչեանը (բուն անունով՝ Լեւոն Քարտաշեան, 1919-1998),
Կարդալ աւելինԵրկերու քննական հրատարակութիւններ կատարելու սովորութիւնը, շատ մը այլ բաներու շարքին, գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցեր ենք Սփիւռքի մէջ, թէեւ ժամանակին աւելի շատ նման աշխատութիւններ կը կատարուէին եկեղեցական ոլորտին մէջ, առաւելապէս սահմանափակուած՝ մեր մատենագրական երկերուն։ Հին շրջանի կողքին, արդի գրականութեան պարագային նման
Կարդալ աւելինԱյս նամակներուն հեղինակին ու հասցէատիրոջ յարաբերութիւնը քաջածանօթ երեւոյթ մըն էր օրին։ Արդարեւ, «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հիմնադիր խմբագրապետ Սիմոն Սիմոնեանը (1914-1986) իր աշխատակիցներուն շարքին ունեցած է ֆրանսահայ գրականութեան ամենէն բեղուն ու անտեսուած անուններէն մէկը՝ Զարեհ Որբունին (1902-1980)։ «Սփիւռք»ը դէպքէ-դէպք նաեւ հրատարակած է Որբունիէն…
Կարդալ աւելին… Ուղղաձիգ ասեղներու քաղաք՝
Նիւ Եորք, եկեղեցի պանդոկներու,
լողաւազաններու,
տուրմի խանութներու։
Իր շօշափուկներն
արձակող կղզի,
մթին արգանդ՝
գայլի երախի նման,
շէնքերը մինչեւ վերջը տանիքներուն…
Նախ զգաց շամփուի՝ անիսոն յիշեցնող միջինարեւելեան բոյր մը, եւ ապա անդրադարձաւ, աչքերը բանալով, որ պատուհանէն թափանցող լոյսը կը տարբերէր անձնակազմի գործածած պանդոկին սենեակի լոյսէն։ Առաւօտեան արեւը կը կաթկթէր բարակ գիծով առաստաղէն դէպի գետին, ուր վարագոյրները, հակառակ իրենց փարթամութեան, չէին հասներ ծածկելու կարպետը։
Կարդալ աւելին1990-2000-ական թուականներուն, Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթը սովորութիւնը ունէր Մեծ Եղեռնի տարելիցին հրատարակելու նմոյշներ այն թղթակցութիւններէն, որոնք 1915-ին Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ ուղարկուած էին Պոլսոյ իր թաքստոցէն եւ Սոֆիայի «Հայաստան» եռօրեային մէջ լոյս տեսած։ «Հայաստան»ի հաւաքածոն բաւական հազուագիւտ է, բայց Վիեննայի…
Կարդալ աւելինԽօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր
Կարդալ աւելինՄեծավաստակ գրական քննադատ, բանասէր ու հանրային գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի (1875-1947) կեանքի վերջին քառորդ դարը բնորոշելով, Գառնիկ Բանեան՝ անոր մահուան առիթով շարադրած կեանքի ու գործի ուրուագիծին մէջ կը հաստատէր, թէ «Սփիւռքի մէջ Ն. Աղբալեանի մտաւորական կեանքը կը հոսի՝ գրական ստեղծագործութեամբ, հանրային եւ մանկավարժական գործունէութեամբ»։
Կարդալ աւելինՎերջերս, հայրենի վաստակաւոր թատերագէտ Հենրիկ Յովհաննիսեան փորձած է նոր լոյս սփռել Դանիէլ Վարուժանի «Հարճը» վիպերգին վրայ[1]։ Իր ուշագրաւ յօդուածին մէջ, ան հիմնաւորած է, որ Մովսէս Խորենացիի կողմէ զոյգ դրուագներով (առաջինը՝ անունով, երկրորդը՝ անանուն) յիշատակուած հարճ ու վարձակ Նազինիկը ո՛չ թէ պարուհի է, ինչպէս յաճախ կարծուած է՝ «երգէր ձեռամբ»…
Կարդալ աւելին1.
1960ական-1970ական թուականներու անկիւնադարձին մանրամասն արժեւորումը դեռ ապագայի գործ կը մնայ, որուն համար պէտք է հաշուի առնել Լիբանանէն մինչեւ Հարաւային Ամերիկա եւ Ֆրանսայէն մինչեւ Հիւսիսային Ամերիկա խաչաձեւ ու զուգահեռ հոսանքները իրենց բազմաթիւ երեսներով, նաեւ՝ Հայրենիքի ու Սփիւռքի միջեւ գոյացած անջրպետը չափով մը…
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ առմամբ, Պարոյր Սեւակի ու Գուրգէն Մահարիի յարաբերութեան հիմնական դրուագները ծանօթ են։ Սկսած է 1947-1948ին, Մահարիի գուրգուրալից վերաբերմունքով Երեւան անցուցած 444 օրերուն՝ սիպիրեան երկու աքսորներուն միջեւ, եւ շարունակուած՝ մինչեւ կապերու խզումն (1964) (1964) ու Այրուող այգեստաններ վէպին դէմ արշաւը 1966-1967ին։ Սակայն, 1964-1967ի իրադարձութիւններուն մասին…
Կարդալ աւելինԲԱՆԱՍՏԵՂԾ Լեւոն Էսաճանեան (1885-1935) 1900ական թուականներուն հրապարակ իջած եւ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ տեղ չգտած անուններու փաղանգին մաս կը կազմէ։ Անոր մահուան առիթով, գրադատ Մկրտիչ Պարսամեան կը գրէր.
Էսաճանեան մէկն էր անոնցմէ, որոնք ընդունակ էին արուեստի խենթութեան համար զոհելու ամէն բան, բացի իրենց անհատականութենէն, բարձրէն
ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ երկարամեայ կեանքին հետ հարեւանցի կերպով իսկ ծանօթ անձը պիտի համաձայնի, որ բազմաթիւ վայրերու մէջ անոր բնակութիւնը եւ յաճախակի փոխադրութիւնները չեն նպաստեր այդ կեանքի ելեւէջներուն, ներառեալ՝ նամակագրութեան ուսումնասիրութեան գործին։ Միշտ պատրաստ պէտք է ըլլալ նորանոր անակնկալներու եւ գիւտերու։
Զարեան ունեցած է հարուստ նամակագրութիւն
ԱՒԵԼԻ քան դարէ մը ի վեր, Գրիգոր Զօհրապի կեանքն ու գործունէութիւնը լայնօրէն լուսաբանուած են գրականութեան մէջ, բայց միշտ պէտք է պատրաստ ըլլալ անակնկալներու եւ նորութիւններու։
Օսմանեան Սահմանադրութեան վերականգնումէն ետք (1908), Զօհրապի հանրային գործունէութիւնը թէ՛ իբրեւ Խորհրդարանի հայ երեսփոխան եւ թէ՛ իբրեւ Ազգային Երեսփոխանական
Սփիւռքի գրականութեան առաջին տասնամեակները կարելի է բնորոշել որպէս արեւմտահայ աւանդութեան աստիճանական ձեւափոխման ու բուն սփիւռքեան գոյավիճակի ցոլացման, անոր համապատասխան գրականութեան մը կերտման ժամանակաշրջանը։ Աղէտին անմիջապէս յաջորդած սերունդը՝ Մինաս Թէօլէօլեանի խօսքերով), մանաւանդ
Կարդալ աւելին«Հիմա ոչ միայն կարօտել եմ նախնիքներիս, այլ նաեւ ժամանակակիցներիս, մտավախելով, որ նրանք եւս մի օր նախնիք պիտի դառնան։ Հաստափոր հասցէագրքիս անունների մէկ քառորդը գնացել է։ Չեմ ջնջել, չեմ կարողացել ջնջել այդ անունները։ Միթէ՞ ապրանք են նրանք»։
«Մեր նախնիքների ստուերները» պատմուածքին այս պարբերութենէն եօթը
Գրութիւններու արխիւ