Արարել բառը ինքնին շա՛տ պարտաւորեցնող է։ Ես պարզապէս ծնած եմ արուեստի մէջ» կ’ըսէ ինքն իր մասին Լիլիթ Սողոմոնեան։ Իրօք ծնած է արուեստագէտներու ընտանիքի մը մէջ. հայրը՝ Վան Սողոմոնեանը նկարիչ, քանդակագործ, խեցեգործ էր, մայրը՝ Նոնա Գաբրիէլեանը, նմանապէս նկարչուհի, խեցեգործ, ինչպէս նաեւ գրող է։ Լիլիթ Սողոմոնեանը փոքր տարիքէն շրջապատուած եղած է արուեստագէտներով այն աստիճան, որ կ’ըսէ թէ նոյնիսկ ընտրութեան զգացումը չէր ունեցած, որ կարելի էր այլ բանով զբաղիլ քան արուեստով։ Ուսումը կատարած է Երեւանի Գեղարուեստաթատերական հիմնարկին մէջ, աւարտելով գծագրական՝ graphic բաժինը 1991ին։ […]
Կարդալ աւելին
ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ ԼԻԼԻԹ
Գրութիւններու արխիւ




