ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ԽԱՉԻԿ

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ծնած է Պէյրութ, 1963ին, յաճախած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1981ին, ապա՝ Հայկազեան Գոլէճէն վկայուած է որպէս Համակարգիչներու Գիտութեան Պսակաւոր Արուեստից (BA 1985): Արժանթին հաստատուած է 1987ին, հոն իր ուսումը շարունակած է Միջազգային Յարաբերութիւններու ճիղին մէջ և ստացած Մագիստրոսի (MA) աստիճան 1994ին FLACSO/Argentina համալսարանէն: Իր տոքթորական (PhD) թէզը պաշտպանած է ԱՄՆի University of Miami (Coral Gables, FL), ուր մասնագիտացած է Միջազգային Ուսմանց ճիւղին մէջ (2001-2004): Եղած է դասախօս Արժանթինի Սան Անտրէս համալսարանի, Լանուսի Պետական Համալսարանի Միջազգային Յարաբերութիւններուն ճիւղի ամպիոնի վարիչներէն է, և 2004-2013 եղած է հրաւիրեալ դասախօս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ (Երևան): Հեղինակ է մասնագիտական բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են ակադեմանական հրատարակութիւններու մէջ, և գիրքերու՝ սպաներէն, անգլերէն և հայերէն լեզուներով: Եղած է Պէյրութի Հայկական Ռատիոժամի լուրերու հաղորդավար (1981-1987), հրապարակագրական ասպարէզը սկսած է Ազդակի մէջ 1982ին որպէս սինեմայի էջի պատասխանատու, ապա՝ միջազգային լուրերու բաժնի յօդուածագիր: 1987-1997 եղած է Պուէնոս Այրէսի ԱՐՄԵՆԻԱ թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր, աշխատակցած է Դրօշակին, Պոսթոնի Հայրենիքին և Մոնթրէալի Հորիզոնին: Գրական ստեղծագործութեան սկսած է պատանեկան տարիներուն Ճեմարանի Ջահակիր հանդէսին մէջ, ուսանողութեան տարիներուն եղած է Հայկազեանի Նաւասարդ գրական պարբերաթերթի խմբագրական կազմի անդամ: Իր բանաստեղծութիւններն ու պատմուածքները լոյս տեսած են Յառաջի Միտք և Արուեստ յաւելուածին, անգլերէն թարգմանութեամբ՝ Armenian Weekly-ին, Հորիզոնի Գրական Յաւելուածին և Բագինին մէջ, կարգ մը բանաստեղծութիւններ թարգմանուած են ֆրանսերէնի և հրատարակուած Una anthologie de la poésie arménienne contemporaine (Avis de recherche, 2006) հաւաքածոյին մէջ:

Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները

USA PATRIOT

     Ոեւէ հայրենասէր ամերիկացի ինքզինք երբեք այսքան նուաստացած չէր կրնար զգացած ըլլալ: Տակաւին երկու օր առաջ,Նիւ Եորք Թայմզ-ի 23 Յունուար 2009-ի թիւի առաջին էջին վրայ էր նկարը Սպիտակ Տուն հաստատուած, սեւամորթ, Պարաք Հիւսէյն իսլամական անունով, լիպերալ

Կարդալ աւելին

Yeni Hayat

     Սկիզբը կարծեցի «թէ գիրքը կրնար ըլլալ սենեակիս մէջ ամէն կողմ թիզուած թուղթերու «թերթերու եւ այլ գոյքերու կոյտին մէջ: Բայց հոն չէ: Զայն յանձնարարած էր անծանօթ մը «որուն հանդիպեցայ «երբ կը վերադառնայի…

Կարդալ աւելին

Երկար ճամբայ
     Գիշերը «կօշիկներս հագայ մտայ անկողին» եւ քնացայ։
     Առտուն քալելէն յոգնած արթնցայ։

Benetton I-H.I.V. positive
     Պենեթոնի ամենէն համարձակ ծանուցում-որմազդներէն մարդիկ կը յիշեն այն մէկը, ուր H.I.V. positive դաջուածքով մերկ կուրծքեր ու զիստեր…

Կարդալ աւելին

Երբ աւարտի ամէն ինչ
եւ սկսիս անիմաստ ու յարատեւ թափառումներուդ
ամայութեան մէջ մահուան ժամանակներուն,
մոռացումը պիտի գայ
եւ սրբէ
համատարած լռութեան հետ նոյնացնէ
յիշողութիւնդ բոլոր՝
դէպքերը նախ,
դէմքերը, վայրերը ապա,

Կարդալ աւելին

Անթալիա

­     2011 թո­ւա­կա­նի ա­ռա­ջին կի­սուն, Հա­յաս­տա­նէն Թուր­քի­ա այ­ցե­լած 25,295 զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րէն մէկն ալ ի­նք ե­ղաւ: Դժբախ­տա­բար, 2010ին պիզ­նե­սը թոյլ չէր տո­ւած, որ բա­րե­կամ­նե­րու եւ թու­րիս­տա­կան գրա­սե­նե­ակ­նե­րու կող­մէ գո­վա­բա­նո­ւող ար­ձա­կուրդ­նե­րու փա­թե­թը ձեռք ձգէր իր 23,423 հայ­րե­նա­կից­նե­րուն նման: Սա­կայն յա­ջորդ…

Կարդալ աւելին

Վահէին իմ առաջին պատկերս 1970ականներուն Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի բակին մէջ, երկար մազերով, Վ. Սէթեան տպարանը աշխատող հիփփի մըն է, որ Զօհրապ Եագուպեանին հետ Գիքորի բեմականացման մէջ պեզազ Արթինին դերը կը խաղար: Յետոյ Ասպարէզին մէջ սինեմայի մասին իր գրութիւնները մեծ հետաքրքրութեամբ…

Կարդալ աւելին

(Ան)Մահազդ
16 յուլիս 2017ին, 77 տարեկան հասակին մահացաւ George Romero, The Night of the Walking Death սարսափի դասական ժապաւէնին բեմադրիչը, եւ զոմպիի չվերածուեցաւ:
Գրաքննադատի գաղտնիքը
Տարիներով փորձեց գրել: Բայց գրածը այնքան վատ դուրս կու գար որ ինք իսկ կարդալ չէր կրնար: Հիասթափութիւնը…

Կարդալ աւելին

ԱՆՏՐԷ Կլիւքսմանն (André Glucksmann 1937 – 2015) իր Պատերազմի Խօսոյթը (Le Discours de la guerre, Paris, Le Livre de Poche, 1985) գործի ներածականին մէջ կը նկարագրէ Ժան Փօլ Սարթրի (Jean Paul Sartre) հակազդեցութիւնը երբ թերթին մէջ կը կարդայ Հիրոշիմայի վրայ 6 օգոստոս 1945ին արձակուած կորիզային ռումբին

Կարդալ աւելին

Արամ Պէյրութի զաւակն էր:
Երբեք խորապէս չէր մտածած իր ազգային պատկանելիութեան մասին, ոչ ալ՝ վերլուծած իր զգացումները, հպատակութեան հարցը, տարբերութիւնը հայ եւ լիբանանցի ըլլալու: Բայց գիտէր, կը զգար, որ ինք միջերկրականեան մայրաքաղաքին կը պատկանէր: Կը սիրէր…

Կարդալ աւելին

Գրութիւններու արխիւ