Յ. Օշականի անունին ու գործին, յատկապէս վէպերուն կապուած՝ առգոյ է «դժուարութեան», «բարդութեան» ընդհանուր տպաւորութիւն մը: Աւելի չէզոք բանաձեւումով՝ «ընթեռնելիութեան» խնդիր մը: Երեւոյթը ունի առարկայական կողմ մը, ինչ կը վերաբերի գործերու լեզուա-ոճային երեսին: Սկսած՝ հայերէնի քիչ գործածական եզրերէ, որոնք կրնան ընթերցող մոլորեցնել, ինչպէս կրցեր են, օրին, թիւրընթերցումի տանիլ գրաշար թէ հրատարակիչ-սրբագրիչ1, ապա՝ անցնելով բարբառային—յատկապէս բիւթանիական գաւառաբարբառի—բառերէ2՝ յանգելու օտարալեզու եզրերու, թրքերէն թէ ֆրանսերէն3: Ասոր կողքին, ու անշուշտ աւելի եւս, վերծանումի տարրերը Յ. Օշականի սեփական ոճին—շեշտօրէն ինքնուրոյն ոճ, արդիւնք՝ լեզուն իր բազմախաւ մտածումին-ապրումին […]
Կարդալ աւելին
Յ. ՎԵՐԾԱՆՈՂ
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Հրատարակութեան պատրաստեց, յառաջաբանը գրեց, ծանօթագրեց՝ Արթուր Անդրանիկեան. Էդիթ Պրինտ, 2022: Ներկայ հատորը, աւելի քան 500 էջ ծաւալով, խմբագիր Ա.Անդրանիկեանի՝ «Սարաֆեանական» յաջորդական հրատարակութիւններուն նորագոյնն է՝ մեր գրասեղաններուն հասած: Կ’ամփոփէ «…«Չափածոյ երկեր»ը եւ «Վէնսէնի անտառը» խո[ր]հագրութիւնը»: Հրատարակութիւնը կոկիկ է, ակնահաճոյ՝ առաջին ակնարկով, էջադրում ու տպագրութիւն բաւական խնամուած, նոյնիսկ եթէ երկ առ երկ ներկայացումը կը շարունակէ թխմումի երեւանեան «աւանդութեան» տուրք տալ (երկէ երկ անցումը կը կատարուի ներքին տիտղոսաթերթերու սեղմուած-իրերայաջորդ էջերով, աջի կամ ձախի՝ պատահաբար, եւ առանց նուազագոյն բացութեան): Իսկ […]
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ