ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՇԱՀԱՄԻՐ ՇԱՀԱՄԻՐԵԱՆԻ ԱՆԾԱՆՕԹ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ 1997ի աշնան ուշագրաւ յայտնագործութիւն մը կատարուեցաւ ստորջրեայ հնագիտական արշաւախումբի մը կողմէ, որ Մանիլայի Ծովային թանգարանէն (Manila Maritime Museum) ղրկուած էր՝ հետազօտելու Թիթուի ծովախութին մօտակայքը, այսինքն՝ Վիեթնամի եւ սպանական գաղութատիրութեան կեդրոն Մանիլայի եւ Հարաւ-չինական ծովուն միջեւ գտնուող ջրային տարածքը։ Ընկղմած նաւաբեկորները ջուրին մակերեսը բարձրացնելէ ետք, ստորջրեայ իրերը տեղադրուեցան Մանիլայի Ծովային թանգարանին ընդարձակ մէկ սրահը՝ մանրազնին ուսումնասիրութեան ենթարկուելու համար։ Տասնութերորդ դարէն կօշիկի ժանգոտած ճարմանդներ, ծռած դգալ մը եւ այլ սպասներ, ծորակի այլաձեւ խցաններ (spigots), ապակի է […]
Կարդալ աւելին
ՍԵՊՈՒՀ Դ. ԱՍԼԱՆԵԱՆ
Գրութիւններու արխիւ