Արեւելաբանութիւն գիրքը ամբողջացաւ 1977-ի վերջին ամիսներուն եւ տպուեցաւ տարի մը ետք։ Միակ գիրքն էր (մինչեւ այսօր) որուն վրայ ծայրէ ծայր մէկ շունչով աշխատած եմ, հետազօտական աշխատանքէն անցնելով սեւագրութիւններուն, եւ անկէ՝ վերջնական տարբերակին, այնպիսի ձեւով որ ամեն մէկ հանգրուան նախորդին հետեւած է առանց ընդմիջումի եւ առանց լուրջ մտացրուումի։ Եթէ բացառեմ այն հիանալիօրէն քաղաքակիրթ եւ յարաբերաբար պարտականութենէ զերծ տարին զոր անցուցի որպէս Սթանֆըրտ համալսարանի Վարքագիտութիւններու Յառաջացած Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի հրաւիրեալ անդամ (1975-76), արտաքին աշխարհէն շատ նեցուկ հանդիսացող կամ հետաքրքրութիւն ցուցաբերող անձեր չգտնուեցան։ Մէկ […]
Կարդալ աւելին
եԴՈՒԱՐԴ ՍԱՅԻՏ
Գրութիւններու արխիւ