Մեր գիւղը՝ Մազրաա Քֆէրզըպյեն նշանաւոր էր իր մաքրամաքուր օդով։ Պէյրութի բժիշկները իրենց սրտի հիւանդներուն կը յանձնարարէին այս գիւղը անցընել ամառնային օդափոխութեան ամիսները։ Սիմոնեան գէթ ժամանակաւոր դարմանում կը նկատէր Մազրաա այցելել երբեմն Կիրակի օրերը, միշտ շքախումբով մը։
Գիւղի մեր տունը ամուր քարաշէն փոքրիկ տուն մըն էր, եւ անսահման պարտէզ մը…

ԹԵՔԵԱՆ ՎԵՀԱՆՈՅՇ
Վեհանոյշ Թեքեան, ծնած է Պէյրութ 1948ին: Նախական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Հայ Աւետարանակն Գոլէճը, ուրկէ բարձրագոյն ուսման համար անցած է Հայկազեան Գոլէճը։ Ապա յաճախած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը վկայուելով Փիլիսոփայութեան եւ Անգլիական Գրականութեան բաժիններէն։ Վեհանոյշ Թեքէան գրել սկսած է շատ կանուխ, իր դպրոցական օրերէն իսկ։ Գրել սկսած է «Սփիւռք»ի մէջ, ապա աշխատակցած է «Բազին»ի, «Ազդակ»ի եւն: Ցարդ ունի հրատարակած 11 հատոր գիրք: Վեհանոյշ է նաեւ Լիբանանահայ երիտասարդ սերունդի տաղանդաւոր ասմունքողներէն։ Անհատական ասմունքի երեկոյ մը ունեցաւ 1969ին եւ իր ասմունքողի բաժինը բերած է զանազան գեղարուեստական հանդէսներու։ Այժմ կ՚ապրի Նիւ Ճըրզի:
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Մեծ քաղաքին պզտի՜կ աղջիկը
Ան ոտքեր չունի
Ուրիշներուն պէս թևեր չունի ան
Ան կը քնանայ ծերացած քրտնած կամուրջներու տակ
Մեծ քաղաքներու պզտիկ աղջիկը
Երկու ծակ ունի ժիր աչքերու տեղ
Որ սենեակները անլոյս կը տեսնէ
Եւ բոլոր դռներն անկուղպ եւ փտուկ
ՆԿԱՐ ԱՌԱՆՑ Ն-Ի
Հիմա յեղակարծ՝ աչքերուս առջեւ
փրփրող գետակ ես
դարձդարձող ջաղացք
կուժի մէջ պարող կաթիլ մը ճառագայթ
Յուշերու թափ-թաց ցողերու վրայ գիշերաբոյր
դող
Այնքա՜ն խօսեցայ, անքա՜ն աղօթեցի որ վերջապէս յայտնուեցաւ Աստուած. «Ի՞նչ կ՚ուզես, աղջիկս», ըսաւ։
«Մեզի խոստացած էք որ մահուընէ ետք աստեղերը պիտի գանք։ Բայց մենք կեանքը կը սիրենք։ Նոյին պէս իննը հարիւր տարի պիտի չապրինք։ Շատ-շատ հարիւր տարի սահմանած էք մեզի։ Հարիւրը ընդունուած սահմանն է, քիչեր կ՚անցնին սահմանը, բայց մեծամասնութիւնը…
Ուրիշ ճար չկայ, ողջ մնալու համար պէտք է յաջողիլ անդնդախոր ձորերուն գլխուն բարակիկ զառիվերներէն՝ հարիւր անգամ Մարիամ Աստուածածինի միջնորդութիւնը խնդրելով քշել։ Եւ եթէ Սուրբ Կոյս Մարիամը գթայ քեզի, քառասուն վայրկեան ետք կը հասնիս փոքրիկ գիւղ մը որ ունի գեղեցկագոյն բնութեան բոլո՜ր տեսարանները եւ երկար անուն մը՝ Մազրաա…
Կարդալ աւելինՈրոշում եւ իրագործում Երկիր մոլորակին վրայ ապրելու՝ 10 Մարտ, 1948։
Իր մօր եւ հօր հետ, 1949, Շթորա, Լիբանան
Երկիր՝ Լիբանան
Քաղաք՝ Պէյրութ
Հասցէ՝ Քանթարի փողոց, առաջին շէնքին առաջին յարկը, ուր Նշան Փալանճեան Ճեմարանը հիմնուած էր ատենին։
Արաբ տանտիրուհին կը պատմէր թէ Նիկոլ…
Փափուկ արեւներ
Փափուկ լուսնահար արեւներ
Լուսնահար, դեղնախայտ սենեակներ։
Աղմկոտ մթութեան կաթիլները հաւաքած
ծովե՜ր ծովե՜ր կը շինէի.
Մեծհայր մեծմայր ամէնքս մէկ՝ Կիրակի կէսօրէ ետք
Կանաչ պատերով սենեակի քիլիմին վրայ կեդրոնացած
Սփիւռք օրհնառաք եւ անիծապարտ
Լոյսի նման ծննդազօր
ստուերի պէս սերմնապահ
Լոյսի նման միահեծան
ստուերի պէս ինքնակոչ
Ստուերի պէս բաժանելի
լոյսի նման ինքնասլաց
Լոյսի նման ընթեռնելի
եւ ստուերի պէս անտիպ…
Մեծ հայրս վաթսունհինգ տարեկանին ամուսնացած էր Եղեռնին այրիացած երեսուն տարեկան մեծմօրս հետ, որ ունէր տասներկու տարեկան աղջնակ մը: Յաջորդ տարի ծներ էր մայրս, եւ հինգ տարի ետք — այո, հինգ տարի ետք – մօրեղբայրս: Այս իրողութիւնը մեծ հրճուանքով պատմեցի բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանին, որ կը զարմանար թէ յիսունը…
Կարդալ աւելինԿարելի՞ է իմաստ գտնել սովորական երեւոյթներու ետին։ Այո, կարելի է։ Յակոբ Օշական մահացաւ 1948ի փետրուար 10ին, ես լոյս աշխարհ պիտի մտնէի Մարտ 10ին։ Այդ մէկ ամիսը ինչե՜ր խօսեցանք։ (Յուսամ բաղդատական չէք ըներ հսկային եւ իմ միջեւ)։ Ճշդուած օրը Եհովան մօտեցաւ ողջերթի։ «Ի՛նչ կ՚ուզես որ տամ», ըսաւ, «նկատեցի որո՛ւն հետ խօսեցար…
Կարդալ աւելինՅիշատակը լքուած քնար է
հնձուած դաշտի մէջ։
Կեանքը երկար է, յիշողութիւնը՝ աւելի երկար
Քունը երկար է, երազը՝ աւելի երկար։
Երբեմն յիշողութիւնը կը ջնջուի, կը կծկուի կեանքը…
Մութին մէջէն գտայ բոլոր կորսուած բառերդ ձայներս խեղդուած
ես ուրուայնամուտ պատմութիւնդ էի
գմբէթ որ իր խոշորաբիբ աչքը խրած էր խորութեան հողի
Սիւն՝ ուր երեկոն հանեց պատմուճանքը հիր
երբ Լեռնաշղթան թաթը զուգառաջ
գլուխը դրաւ գիշերուան ուսին
Գրութիւններու արխիւ