ՄՈՒՏՔ
Սան Ֆրանսիսքոյէն Սաքրամէնթօ ինքնաշարժով քանի մը ժամ ճամբայ է՝ 140 քիլոմեթր։ Տարիներ առաջ էր։ Նոր եկած էիր տակաւին ու լեցուն էիր պատմութեամբ։ Աւելի ճիշդ պատմութիւնը տակաւին կը հոսէր մարմնիդ մէջէն, կը կիսէր քեզ անցեալին ու ներկային միջեւ։ Գործով գացած էիք ընկերոջ մը հետ, մէկ օրուան երթալ-գալ մը…
ԱճԷՄԵԱՆ ՐԱՖՖԻ
Ծնած է Պէյրութ։ 1987ին հաստատուած է Մոնթրէալ։ Շրջանաւարտ է Մոնթրէալի Գոնգորտիա համալսարանէն որպէս ճարտարագէտ։ Հետեւած է նոյն համալսարանի փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն։ Առաջին գրութիւնները լոյս տեսած են «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածին մէջ, 1994էն սկսեալ։ Մաս կազմած է նաեւ անոր խմբագրական կազմին, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի «Բաց նամակ» պարբերականին։ Աշխատակցած է զանազան գրական ամսագրերու եւ թերթերու՝ «Բագին»ին, «Յառաջ»ին, «Ինքնագիր»ին եւ Մարկ Նշանեանի «Կամ» հանդէսին։
Կարդալ հեղինակին այլ գրութիւնները
Ֆրանսացի գրող եւ քննադատ Ժան-Փօլ Էնթհովէն Փրուսթի վէպին նուիրուած գրութեան մը մէջ կը նշէ հետեւեալը. «Անոնք, որոնք երբեք չեն կարդացած «Կորուսեալ ժամանակի փնտռտուքով» վէպը…կ’անգիտանան, որ անոր երեք հազար էջերը ունին արտառոց ուժը կերպարանափոխելու անոնց իսկական…
Կարդալ աւելինՀրայր Անմահունի Էօլմէսէքեան Սփիւռքի արուեստագէտն է, եթէ այդ բազմիցս չարչարուած եզրը պարպենք իր սովորական երկակի հասկացողութիւններէն կապուած ներսի/դուրսի, կեդրոնի/ծայրամասի, վաւերականի/անվաւերի, մնայունի/գնայունի, եւայլն։ Հարիւր տարի է վերապրող գոյութիւն մը…
Կարդալ աւելինՎեհանոյշ Թեքեան ձեզմէ շատերուն հաւանաբար ծանօթ է իբրեւ բանաստեղծուհի։ Առաջին երկու հրատարակած հատորները՝ 1969ին Կապոյտ Ապրիլ եւ 1974ին Ոստրէ, բանաստեղծական հատորներ են։ Սակայն, ասոնցմէ ճիշտ ետք՝ 1977ին, արդէն կը հրատարակէ Ճեղքուած մանրանկար կոչուող երրորդ հատորը, որ կը խմբէ լիբանանեան պատերազմի առաջին տարիներու…
Կարդալ աւելին«Հերոս ըլլալու համար մինակ պիտի ըլլաս»։ Այսպէս կը բացուի Քրիստիան Բատիկեանի «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» խորագրուած հատորը։ Ուշագրաւ վերնագիր մըն է, որով արդէն կ՚որոշադրուի նիւթին լարումը. սուփըր հերոսները՝ հակառակ կարծուածին՝ կը մեռնին, գուցէ պէտք է մեռնին որոշ եղանակի մը։ Ասոր վրայ կը բարդուի յաւելեալ նշում մը գիրքին սկիզբը…
Կարդալ աւելին1980ի սկիզբներուն, երբ չորրորդ անգամ ըլլալով համալսարան կը վերադառնայի ենթա-աւարտական ուսումս ամբողջացնելու, լրագրութեան ուսանող էի եւ մտադիր էի երաժշտական լրագրութեան վրայ կեդրոնանալ։ Նիւթ առաջարկեցի DownBeat պարբերականին, որ հաւանաբար ճազի ու անոր յարակից ընձիւղումներուն նուիրուած առաջնակարգ ամերիկեան պարբերաթերթն էր։ Նիւթս ճազը Միջին արեւելեանին հետ համաձուլող (fusion) երաժշտութեան մասին էր, ինչ որ անմիջապէս մերժուեցաւ, հակառակ զայն Օռնէթ Քոլմանի ու իր նման ճազի ծանրակշիռ անուններու գործերու պարունակին մէջ տեղադրած ըլլալուս։ Օրին ենթադրեցի որ մերժումի պատճառը անոնց բոլորովին անծանօթ անձերու մասին գրելու ցանկութիւնս էր, […]
Կարդալ աւելինԱռաջին հատորով մը, Մարկ Նշանեան 2015ին ընթերցողին հրամցուցած էր Մորիս Պլանշոյի ու Ժորժ Պաթայլի փիլիսոփայական բարեկամութեան ընդհանուր յայտարարին տակ գրուող վերապրողի, անոր մէջ վկային մահուան, ճշմարտազուրկ դէպքին ու անոր պատումնային կառոյցի գաղափարները։ Իւրայատուկ…
Կարդալ աւելինԳՈՅՆԵՐՈՒ յորձանուտ մըն է, որ կը գրաւէ դիտողին տեսադաշտը երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Գագիկ Ղազանչեանի պաստառներուն, եւ առաջին հակազդեցութիւնը կ՚ըլլայ՝ ինչպէ՞ս դիրքորոշուիլ երանգներու լայնածաւալ այս հոսքին դիմաց։ Պաստառները բոցավառ հրդեհներ ըլլան կարծես, որոնցմէ արձակուած գունային բռնկումներ կը լեցնեն պատկերասրահի
Կարդալ աւելին«Մանկութիւնս մեծ մասամբ մութ սենեակ մըն է, ելեկտրականութիւնը փոխարինող մոմ մը, ռումբերու պայթումներուն բարձր ձայները եւ մեծերու իրարանցումը», կը խոստովանի արուեստագիտուհի Անի Քիւրքճեան։ Պատկեր մը, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն գրեթէ երեսուն տարի անց շատերուս մտքերուն մէջ կը շարունակէ արթնցնել մութ ժամանակներ։ Դէպքերը առարկայական գետնի վրայ վերջ կը գտնեն, տարիները կ՚անցնին…
Կարդալ աւելինՆկարներդ, սեւ ճերմակ, կը շարունակեն տողանցել մտքիս հորիզոնին՝ անմեղութեան ժամանակի մը անվերջանալի երթը յուշելով։ Երբ անոնց կը նայիմ, կարծես ես ինծի է որ կը նայիմ անցեալի մը ոսպնեակէն, անցեալ մը ուր կամ ու չկամ, եւ ուրեմն կը մնամ միշտ անվերջ փնտռտուքի մը մէջ։ Կը փնտռեմ քաղաքիս փողոցներն ու անոր ժամանակները։ Ինչ որ կը գտնեմ՝ հոսկէ հոնկէ…
Կարդալ աւելինԳրութիւններու արխիւ